
ազրպէյճանի ԶՈւ Կրակոցներուն Հետեւանքով Հայկական Կողմն 2 Զոհ, 1 Վիրաւոր Ունի․ ՀՀ ՊՆ
Սոթքի տարածքին տեղակայուած հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ ազրպէյճանի ԶՈւ կրակոցներուն հետեւանքով հայկական կողմը ունի 2 զոհ, 1 վիրաւոր: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ ՊՆ-էն։
Նշենք, որ ազրպէյճանի ԶՈՒ-ն Սեպտեմբեր 1-ին, ժամը 07:50-էն սկսեալ, շարունակաբար կրակած է Սոթքի տարածքին տեղակայուած հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ, կիրառած է նաեւ ականանետ։