Անհետ Կորած Զինծառայողներու Ծնողները Կը Գիշերեն Պաշտպանութեան Նախարարութեան Մօտ․ Պապիկեանի Հետ Հանդիպման Պահանջը Չէ Բաւարարուած

Հայաստան

Էջմիածնի «Քիմիկներ»-ու զօրամասէն 44-օրեայ պատերազմ մեկնած եւ մինչ օրս անհետ կորած համարուող զինծառայողներուն ծնողները կը գիշերեն պաշտպանութեան նախարարութեան մօտ։ Այս մասին, ըստ Sputnik Արմենիա-ի, յայտնած է անհետ կորածի ծնող Կարինէ Մանաւազեանը։

Նշենք, որ ծնողները այսօր հրաւիրած էին ՊՆ՝ նախարար Սուրէն Պապիկեանի հետ հանդիպման, սակայն, նախարարը չէր ընդունած անոնց։ Անհետ կորածներու հարազատներուն հետ հանդիպած էր փոխնախարար Արման Սարգսեանը։ Պաշտօնիայի պատասխանները չեն գոհացուցած հանդիպման մասնակիցները։

«Մենք պիտի մնաննք ՊՆ-ի մօտ, պիտի գիշերենք այստեղ»,- ըսած է Մանաւազեանը։

Անոր խօսքով` մինչ այս պահը Սուրէն Պապիկեանը չէ այցելած իրենց։