
Ցոյցեր Ֆրանսայի եւ Մեծ Բրիտանիոյ Դեսպանատուներուն Մօտ` ՄԱԿ ԱԽ-ի Մէջ Բանաձեւ Ընդունելու Համար
ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը պէտք է բանաձեւ ընդունի Արցախի մէջ ստեղծուած ծանր իրավիճակին վերաբերեալ։ Sputnik Armenia-ի տեղեկութիւններով՝ այս կոչով այսօր «Բացում» նախաձեռնութեան անդամները ցոյցեր իրականացուցած են ՄԱԿ ԱԽ մշտական անդամներ Ֆրանսայի եւ Մեծ Բրիտանիոյ երեւանեան դեսպանատուներուն մօտ։ Անոնք կոչ ըրած են վճռական բանաձեւ ընդունելու, որ պիտի անդրադառնայ շարք մը կենսական կէտերու։ Այս ցանկին վրայ առաջինը մարդասիրական օգնութեան փոխանցումն է։
«Իրականացնել օգնութեան անյապաղ առաքումը Բերձորի միջանցքով, հրատապ գործողութիւնները չափազանց կարեւոր են մարդկայնական իրավիճակի ալ աւելի վատթարացումը կանխելու համար, այլընտրանքային ճանապարհները կը նսեմացնեն արցախցիներուն ազատ կամարտայայտումը եւ կ՝օրինականացնեն ազրպէյճանի ու վերջինիս հովանաւորներուն կողմէ խաթարուած կենսական միջանցքի արգելափակման փաստը` հիմնախնդրի էութիւնը քաղաքականէն նենգափոխելով սոսկ մարդկայնականի»,- նշած է նախաձեռնութեան անդամներէն մէկը։
Ըստ անոնց` բանաձեւին մէջ երկրորդ կէտը պէտք է վերաբերի Բերձորի միջանցքի բացման, իսկ երրորդ կէտով նախատեսուի ազրպէյճանի համար պատասխանատուութիւն Արցախի բնակչութիւնը ցեղասպանութեան ենթարկելու, խոշտանգումներու, մարդու իրաւունքներու խախտումներու համար։
Նախաձեռնութեան անդամները նամակներ փոխանցած են դեսպանութիւններուն` երկիրներու ղեկավարներուն հասցնելու խնդրանքով։
Նշենք, որ վաղը` Օգոստոս 30-ին, նմանատիպ ցոյցեր նախատեսուած են նաեւ ՄԱԿ ԱԽ մշտական անդամներ ԱՄՆ եւ Չինաստանի դեսպանատուներուն մօտ։