
Մենք Կը Պաշտպանենք Հայաստանի Տարածքային Ամբողջականութիւնն ու Ինքնիշխանութիւնը. Իրանի Դեսպան
Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպան Մեհտի Սոպհանին յայտարարած է, որ Իրանը կը պաշտպանէ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը։ Դեսպանը, ըստ Armenpress.am-ի, այս մասին յայտարարած է Երեւանի մէջ ընթացող տնտեսական ցուցահանդէսին ժամանակ։
«Մեր սկզբունքային քաղաքականութիւնն է Հայաստանի Հանրապետութեան հետ յարաբերութիւնները զարգացնելը։ Մենք կը պաշտպանենք Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը»,- նշած է դեսպանը։
Ան նաեւ աւելցուցած է, որ Իրանը եւ Հայաստանը, յատկապէս Հայաստանի անկախութենէն ի վեր, ոչ մէկ մակարդակով եւ ոչ մէկ ոլորտի մէջ խնդիր ունեցած են։