Մենք Պէտք է Պատասխանատուութեան Ենթարկենք ալիեւի Վարչակարգը․ Քոնկրեսական

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Քոնկրեսականներ Պրետ Շերմանն ու Ադամ Շիֆը Մասնակցած են Լոս Անճելըսի Մէջ ազրպէյճանի Հիւպատոսարանին Մօտ Ամերիկահայերու Կազմակերպած Ցոյցին

Արեւմտեան Ամերիկայի համահայկական խորհուրդը Լոս Անճելըսի մէջ ազրպէյճանի հիւպատոսարանին առջեւ կազմակերպած է ցոյց մը, որուն միացած են նաեւ ԱՄՆ դաշնային, նահանգային եւ քաղաքային իշխանութիւններու ներկայացուցիչներ։

Շարժման մասնակիցները ԱՄՆ նախագահի վարչակազմին կոչ ըրած են գործնական քայլեր ձեռնարկելու ազրպէյճանի կողմէ Բերձորի միջանցքին շրջափակումը վերացնելու եւ հայերուն դէմ երկրորդ ցեղասպանութիւնը կանխելու ուղղութեամբ։

Ցոյցին ընթացքին բանախօսները կոչ ըրած են նաեւ ազրպէյճանը զրկելու ԱՄՆ-ի ամենամեայ օգնութենէն եւ պատժամիջոցներ սահմանելու պաքուի նկատմամբ՝ մարդու իրաւունքներու խախտումներուն համար։

Ելոյթ ունեցած են նաեւ ԱՄՆ քոնկրեսականներ Ադամ Շիֆը եւ Պրետ Շերմանը։

Ադամ Շիֆը յիշեցուցած է, որ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի նիստէն առաջ նամակ ուղղած էր ԱՄՆ վարչակազմին, անձամբ Ճօ Պայտընին՝ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած իրադրութեան շուրջ ՄԱԿ-ի ԱԽ նիստ հրաւիրելու հարցով։ Շիֆը նաեւ խօսած է ՄԱԿ-ի մէջ ԱՄՆ դեսպանին հետ՝ խնդրելով ընել ամէն բան ստեղծուած իրավիճակը յաղթահարելու համար։

«Ես կանգնած եմ Արցախի 120 հազար բնակիչներուն կողքին եւ անոնց պաշտպանող հայկական սփիւռքի կողքին։ ազրպէյճանի կողմէ Բերձորի միջանցքի անօրինական շրջափակումը պէտք է աւարտի։ ԱՄՆ-ն ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ ըսած՝ «այլեւս երբեք»։ Մենք պէտք է ընենք աւելին, քան խոստումները։ Մենք պէտք է գործենք»,- ցոյցէն ետք X (նախկին՝ Twitter) հասարակական ցանցի վրայ գրած է Շիֆը։

Պրետ Շերմանը նոյնպէս խօսած է Արցախի մէջ շրջափակուած 120 հազար մարդոց մասին՝ շեշտելով, որ ազրպէյճանը կ՝օգտագործէ «պատերազմական յանցագործութիւններու ամենադաժան զէնքը՝ սովամահութիւնը»։«Մենք ականատես կ՝ըլլանք Արցախի մէջ ծաւալուող մարդկայնական աղէտի։ Մենք պէտք է պատասխանատուութեան ենթարկենք ալիեւի վարչակարգը եւ վերջ դնենք ազրպէյճանին ԱՄՆ-ի ռազմական աջակցութեան»,- ցոյցէն ետք գրած է Շերման X (նախկին՝ Twitter) հասարակական ցանցի վրայ։