Արցախի Անկախութեան Տօնին Նուիրուած՝ Ճատրակի Ֆետերասիոնի Բաժակի Խաղարկութիւն

Հայաստան

Արցախի Հանրապետութեան Անկախութեան տօնին նուիրուած ԱՀ Ճատրակի ֆետերասիոնը ս.թ. Սեպտեմբեր 4-8 ժամանակահատուածին կը կազմակերպէ Արցախի Հանրապետութեան Ճատրակի ֆետերասիոնի բաժակի խաղարկութիւնը, որ տեղի պիտի ունենայ Ճատրակի կեդրոնական տան մէջ (ք. Ստեփանակերտ Վ.Սարգսեան 15): Այս մասին, ըստ Artsakhpress.am-ի, կը յայտնեն Արցախի Ճատրակի ֆետերասիոնէն:

Մրցաշարին պիտի մասնակցի 32 շախմատիստ: Մրցաշարը պիտի կայանայ արագ ճատրակի կանոններով, ողիմպիական մրցակարգով, 5 խաղափուլով, ՖԻԴԵ-ի ճաիպաւի կանոններուն համաձայն:

Յաղթողը պիտի որոշուի ողիմպիական մրցակարգի` ՖԻԴԵ-ի ճատրակի կանոններուն համաձայն: Մրցաշարի 1-ին, 2-րդ եւ 3-րդ տեղերը գրաւած շախմատիստները պիտի պարգեւատրուին Արցախի ճատրակի ֆետերացսիոնին կողմէ պատուոգրով եւ դրամական պարգեւով: