Ժամանակն է Հասկնալու, որ ազրպէյճանի Նպատակը Ո՛չ Խաղաղութիւնն է, Ո՛չ Համակեցութիւնը. Արցախի ՄԻՊ

Աշխարհ, Հայաստան

Ժամանակն է հասկնալու, որ ազրպէյճանի նպատակը ո՛չ խաղաղութիւնն է, ո՛չ համակեցութիւնը: Այս մասին գրառում կատարած է Արցախի Հանրապետութեան մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեանը՝ անդրադառնալով Բերձորի միջանցքին վրայ տեղի ունեցած վերջին միջադէպին։

Յիշեցնենք, որ ազրպէյճանցիները Արցախէն բուժառուները ՀՀ տեղափոխող շտապօգնութեան մեքենայէն ստիպած են հեռացնել Արցախի Հանրապետութեան Առողջապահութեան նախարարութեան թէժ գիծի հեռախօսահամարը։

«ազրպէյճանի զինծառայողները կնոջ մը ստիպած են շտապօգնութեան մեքենայէն հանել Արցախի զինանշանով պաստառը, իսկ միւս քննարկումներուն ազրպէյճանը կը բերէ օրինակներ, թէ ինչպէս Քեպեքը կամ Գաթալոնիան, ուր ազգային խորհրդանիշները ազատ են եւ լայնօրէն կ՝օգտագործուին: Ժամանակն է հասկնալու, որ AZE-ի նպատակը ոչ խաղաղութիւնն է, ոչ համակեցութիւնը»,- գրած է ԱՀ ՄԻՊ-ը։