Այս Պատանիները Են Որ Արցախը Պիտի Ապրեցնեն եւ Ոչ Թէ Արցախի Թոյլ Իշխանութիւնները. Մետաքսէ Յակոբեան
Արցախի Հանրապետութեան ԱԺ «Արդարութիւն» խմբակցութեան պատգամաւոր Մետաքսէ Յակոբեան կը գրէ.
«Նկարին մէջ երբեմնի անվտանգ, բարեկեցիկ ու զարգացող Արցախի երեխաները չեն…Երէկ, Օգոստոս 14-ին, այս տաղանդաւոր, կիրթ, աշխարհի բոլոր երեխաներէն տարբերուող դպրոցականները Հայոց պատմութեան մրցոյթին ժամանակ ցուցադրեցին իրենց փայլուն գիտելիքները, իւրովի մատուցելով ՀԱՅու հզօրութիւնը, վիրաւոր ՀԱՅՐԵՆԻՔի հանդէպ սէրն ու գորովանքը…
Երեխաները, ուսուցիչները, տնօրէնները, կազմակերպիչներն ու հիւրերը ոտքով քիլոմեթրեր անցած էին, միայն Աստուծոյ յայտնի է կուշտ էին, թէ՝ սոված, բայց արժանապատի՜ւ, տոկո՜ւն, հզօ՜ր… Այս երեխաներուն ոչ ոք ունակ է պոկելու իր տուն ու տեղէն, դպրոցէն, իր հող ու ջուրէն… ԱՅՍՏԵՂ ԱՆՍՊԱ՜Ռ, ԱՆԲԱՑԱՏՐԵԼԻ ՍԷՐ ԿԱՅ… ՈւԺ, ԶՕՐՈւԹԻՒՆ Ու ԿԱՄՔ ԿԱՅ…
Այս պատանիներն են, որ Արցախը պիտի ապրեցնեն եւ ոչ թէ Արցախի թոյլ իշխանութիւնները, ոչ ալ Հայաստանի հայատեաց իշխանութիւնները պիտի կարենան դիմակայել. իրենք պիտի երթան ու պատիժէն պիտի չխուսափինւ… ԱՐՑԱԽԸ ՀԱՅՈՒ ԱՐԺԱՆԱՊԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆՆ Է…»:
