Կը Պարզուի, որ թուրքիան Յանձնարարութիւններ Փոխանցած է Հայաստանի Դատարաններուն․ Արա Զոհրապեան
Փաստաբան, Փաստաբաններու պալատի նախկին նախագահ Արա Զոհրապեան կը գրէ․
«Կը պարզուի, որ 2022 թուականին թուրքիայէն Հայաստանի Հանրապետութեան դատարաններուն փոխանցուած է 66 յանձնարարութիւն կամ իրաւական օգնութեան հարցում: 2023թ. Յունուար-Յուլիս ամիսներուն ստացուած է 34 նման դատական յանձնարարութիւն: Թէեւ, ազրպէյճանէն 2022-2023թթ. նման հարցումներ չեն ստացուած, բայց ասիկա միայն ժամանակի հարց է:
Հայաստանի եւ թուրքիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատուած չեն, սակայն թուրքիան արդէն կրնայ Հայաստանէն պահանջել եւ տանիլ իր կողմէ հետախուզուող անձերը: Ասիկա պետական քաղաքականութեան արդիւնք է։
Լաւ, ինչպէ՞ս բացատրենք այս իշխանութիւններուն, որ 44 օրեայ պատերազմը հովանաւորած թշնամի թուրքիոյ առջեւ նման խեղճացած կեցուածք ընդունիլը, պիտի չազատէ մեզի պատերազմէն:
թուրքիոյ յանձնարարութիւնները պէտք չէ կատարուին Հայաստանի մէջ:
Յ.Գ. Լաւ պիտի ըլլայ լրագրողները այս հարցով լրագրողական հետաքննութիւն իրականացնեն»:
