աթաթուրքի Արձանը Փրակա 6-ի Մէջ Պիտի Չդրուի
Փրակա 6-ի թաղապետարանը այսօր որոշում կայացուցած է, որ չի կրնար բաւարարել թրքական կողմին խնդրանքը եւ աթաթուրքի արձան չի կրնար տեղադրուիլ Փրակա 6-ի տարծաքին։ Արձանը կը նախատեսէին տեղադրել թուրքիոյ հանրապետութեան հիմնադրման 100-ամեակի ծիրէն ներս։ Այս մասին կը հաղորդէ orer.eu-ն՝ վկայակոչելով CTK լրատուական գործակալութիւնը, որուն այս մասին յայտնած է Փրակա 6-ի մամուլի քարտուղար Մարեգ Զեմանը։ Կը նշուի, որ այդ խնդրանքով թաղապետարանին դիմած էր Չեխիոյ մէջ թուրքիոյ դեսպան էկեմէն պաղիշը։
Աղբիւրին համաձայն՝ արդէն քանի մը շաբաթ հայ համայնքի ներկայացուցիչները եւ չեխ լրագրողները աշխոյժ կերպով կ՝անդրադառնան այս թեմային, իսկ քանի մը օր առաջ Չեխահայ համայնքին անունով նամակ յանձնուած է թաղապետարանի խորհուրդի անդամներուն, ուր կոչ կ՝ուղղուէր հայերու եւ յոյներու ցեղասպանութեան մէջ մեղաւոր ճանչցուած մարդու արձանը չտեղադրելու Փրակայի տարածքին մէջ։ Դիմում-կոչը ստորագրած էին Չեխիոյ հոգեւոր հովիւ Բարսեղ վարդապետ Փիլաւչեանը, «Օրեր» ամսագրի գլխաւոր խմբագիր Յակոբ Ասատրեանն ու orer.eu կայքէջի գլխավոր խմբագիր Աննա Կարապետեանը։
Անոնք, Չեխիոյ հայ համայնքին անունով շնորհակալութիւն յայտնած են փոխքաղաքապետ Մարիաննա Չաբգովային եւ քաղաքային խորհուրդի այն անդամներուն, որոնք աջակցած են, որպէսզի այս արձանը չտեղադրուի։
