Սպասելի է, որ Իրանը Կարելին Շարունակէ Կատարել Բերձորի Միջանցքի Վերաբացման Հարցով. Արամ Ա․ Կաթողիկոս
Հինգշաբթի, 10 Օգոստոս 2023-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դեսպանատունէն պատուիրակութիւն մը։
Քննարկումներուն ընթացքին, Վեհափառ Հայրապետը դատապարտեց Շուէտի մէջ Քուրանի հրկիզման երեւոյթը եւ կարեւոր համարեց քրիստոնեայ-իսլամ համակեցութեան եւ երկխօսութեան առաւել եւս զարկ տալու հրամայականը։
Այս առիթով, Նորին Ս. Օծութիւնը յատուկ կերպով անդրադարձաւ ազրպէյճանի կողմէ Արցախի շրջափակման հարցին։ Ան ընդգծեց, որ Իրանը մեզի համար բարեկամ երկիր է, ուստի, սպասելի է, որ ան իր կարելին շարունակէ կատարել Բերձորի (Լաչին) միջանցքին շուտափոյթ վերաբացման հարցին գծով՝ նկատի ունենալով աւելի քան 120 հազար հայերու սովամահ դառնալու դառն իրականութիւնը։
