Լոս Անճելըսի Հայերը ԱՄՆ-էն Կը Պահանջեն Կանգնեցնել Արցախի Մէջ Իրականացուող Ցեղասպանութիւնը (տեսանիւթ)
Լոս Անճելըսի շրջանի Պըրպէնք քաղաքին մէջ հայերը խաղաղ անհնազանդութեան ցոյց կ՝իրականացնեն՝ ԱՄՆ կառավարութենէն պահանջելով գործուն քայլեր իրականացնել՝ բանալու 8 ամիս ազրպէյճանի կողմէ ապօրինի փակուած Արցախը Հայաստանին եւ աշխարհին կապող միակ ճանապարհը: Ցոյցի մասնակիցները փողոց փակած են եւ շարժած քոնկրեսական Ադամ Շիֆի բնակարան՝ պահանջելով կանգնեցնել ցեղասպանութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ «ԵՐԿԻՐ»-ը։
Յիշեցնենք, որ արդէն 3 օր է՝ ամերիկահայերը բողոքի իրենց ձայնը կը բարձրացնեն ի պաշտպանութիւն Արցախի: Անոնք կոչ կ՝ընեն միջազգային հանրութեան կոշտ արձագանգ տալու ազրպէյճանի գործողութիւններուն:
