Հայաստանը Հայուն Կը Պատկանի Եւ Ոչ թուրքերուն, ազրպէյճանցիներուն Եւ հայ դաւաճաններուն․ Արենի Մարկոսեան (տեսանիւթ)

Հայաստան, Սփիւռք

ՀՀ-ի մէջ «Անցանկալի անձ» ճանչցուած Արենի Մարկոսեանը Alpha News-ի հետ զրոյցի ընթացքին մանրամասնութիւններ ներկայացուցած է իր գործունէութեան մասին:

28-ամեայ երիտասարդուհին ծնած, մեծցած եւ այժմ կը բնակի Ուաշինկթընի մէջ: Ծնողները Լիբանանէն են: Արենին Դաշնակցութեան երիտասարդական միութեան Ուաշինկթընի մասնաճիւղի անդամ է: Յատկապէս վերջին երեք տարիներուն սփիւռքահայ երիտասարդը ԱՄՆ-ի մէջ ՀՀ-ի եւ ազրպէյճանի դեսպանատուներուն մօտ կազմակերպուած ոչ մէկ բողոքի ցոյցէ բացակայած է. իր վրդովմունքի ձայնը բարձրացուցած է Նիկոլ Փաշինեանի յանձնուողական քաղաքականութեան դէմ:

«Կեանքիս մէջ մտքէս չէր անցներ, որ օր մը հայրենիք պիտի չկրնամ գալ: Երկու անգամ եած եմ Հայաստան: Ասիկա երրորդ այցս պիտի ըլլար: Կու գայի, որ այնուհետեւ մեկնէի այժմեան թուրքիա ու Արարատ բարձրանայի: Ատիկա իմ երազանքն է: Եթէ Փաշինեանը դիմացս ըլլար, անոր պիտի ըսէի՝ Փաշինեա՛ն, պամութեան մէջ դաւաճաններուն կեանքը միշտ կարճ եղած է, իսկ հայրենիքը յաւիտեան է»,- ըսած է Արենին:

Արենիին այդպէս ալ բացատրութիւն չեն տուած, թէ ինչու չի կրնար մուտք գործել Հայաստան, սակայն կ՝ենթադրէ, որ պատճառը մասնակցութիւնն է Նիկոլ Փաշինեանի կառավարութեան քաղաքականութեան դէմ կազմակեպուած հանրահաւաքներուն, սուր խօսքով անգլերէն հացազրոյցներ տալը The Armenian Weekly պարբերականին, որ կը կարդան նաեւ ամերիկացի դիւանագէտները: Կը պատմէ` թէեւ, դժբախտաբար, դեռ Արցախ այցելելու հնարաւորութիւն չէ ունեցած, բայց մեծցած է Արցախի հանդէպ սիրով:

«Այն, ինչ տեղի կ՝ունենայ Արցախի հետ ցաւալի է: Առանց Արցախի Հայաստան չկայ: Չեմ հասկնար, թէ ինչպէս կրնայ մեր կառավարութիւնը այսքանը չհասկնալ: Մինչեւ մեր վերջին շունչը պէտք է պայքարինք Արցախի համար եւ թոյլ չտանք, որ այս կառավարութիւնը դիւրացնէ ազրպէյճանի գործը»,- ընդգծած է Արենի Մարկոսեան:

Երիտասարդ սփիւռքահայը շեշտած է՝ Հայաստանը հայուն կը պատկանի եւ ոչ թուրքերուն, ազրպէյճանցիներուն եւ հայ դաւաճաններուն:

Յիշեցնենք, որ Օգոստոս 2-ին «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ Լիբանանէն Հայաստան ժամանած ԱՄՆ քաղաքացի Արենի Մարկոսեանի մուտքը արգիլուած էր: