ԱՄՆ-ի Մէջ Հայերը Բողոքի Ցոյց Ըրած Են՝ Բերձորի Միջանցքի Բացման Պահանջով (տեսանիւթ)

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

ԱՄՆ Կլենտէյլ քաղաքին մէջ հայերը բողոքի ցոյց իրականացուցած են՝ իբրեւ աջակցութիւն Արցախի՝ Բերձորի միջանցքի բացման պահանջով։

Ցոյցը սկիզբ առած է ինքնաշարժերու երթով, հնչած են ելոյթներ։ Այնուհետեւ նստացոյց իրականացուած է քոնկրեսական Ադամ Շիֆի գրասենեակին դիմաց։ Այս մասին կը յայտնէ ՀՅԴ անդամ, քաղաքագէտ, իրաւաբան Ռոպերթ Մարգարեան, որ նոյնպէս մասնակցած է ցոյցերուն։

«Մենք կ՝ուզենք արթնցնել այստեղի քաղաքական գործիչները, որպէսզի կատարեն այն խոստումները, որոնք տուած են մեզի։ Կոչ կ՝ընենք այստեղի բոլոր հայերուն միանալու մեզի։ Պահը օրհասական է, չենք գիտեպ՝ վաղը Արցախը պիտի ըլլայ, թէ՝ ոչ»,- նշած է Մարգարեանը՝ աւելցնելով․ «Իհարկէ՝ բոլորին պէտք է մեր պահանջները ներկայացուին, բայց պահանջը լարժէք պիտի չըլլայ, եթէ չզուգակցուի այլ պահանջով մը։ Այս արհաւիրքին պատճառը Հայաստանի կառավարութեան շէնքին մէջ նստող անձին յայտարարութիւնն է, որմով Արցախը ճանչցաւ ազրպէյճանի մաս։

Մինչեւ այդ գլխաւոր խնդիրը չլուծուի, միջազգային հանրութիւնը չի կրնար բան ընել»։