UNICEF-ը Կոչ Կ՝ընէ Բոլոր Նկատառումներէն Վեր Դասելու Լեռնային Ղարաբաղի Երեխաներուն Անվտանգութիւնն ու Գոյատեւումը

Աշխարհ, Հայաստան

UNICEF-ը կը միանայ ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարի կոչին․ միջազգային մարդասիրական իրաւունքին եւ երեխայի իրաւունքներուն մէջ ամրագրուած սկզբունքներուն համապատասխան՝ UNICEF-ը կոչ կ՝ընէ բոլոր կողմերուն ապահովելու մարդասիրական հասանելիութիւն երեխաներուն եւ անոնց ընտանիքներուն առաջին անհրաժեշտութեան իրերու բաշխման համար: Այս մասին ըսուած է «Լուրեր»-ու հարցման ի պատասխան՝ ՄԱԿ-ի Մանկական հիմնադրամի Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ տարածաշրջանային մասնաճիւղի պատասխանին մէջ։

«Մենք վճռականօրէն կոչ կ՝ընենք ներգրաւուած բոլոր կողմերուն եւ անոնց վրայ ազդեցութիւն ունեցողներուն՝ երեխաներու անվտանգութիւնն ու գոյատեւումը վեր դասելու բոլոր միւս նկատառումներէն»,- նշած են UNICEF-էն: