Արցախցիները Ապրած Են Եւ Պիտի Շարունակեն Ապրիլ Իրենց Հողին Վրայ․ Ռուբէն Վարդանեան
Արցախի նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան անդրադարձած է Ալիեւի՝ Euronews-ին տուած հարցազրոյցին․
«Կը փափաքէի քանի մը կարեւոր արձանագրում ընել ազրպէյճանի նախագահ իլհամ ալիեւի Euronews-ին տուած հարցազրոյցին:
ալիեւ բացայայտօրէն կը խոստովանի, որ իր կեանքի առաքելութիւնը պատերազմին յաղթելն էր: Ասիկա շատ կարեւոր հաւաստում է հասկնալու համար, որ ազրպէյճանը երբեք չէ փափաքած հարցը լուծել խաղաղ ճամբով:
ալիեւ առաջարկած է Արցախի բնակչութեան 99,9% կազմող հայերուն դառնալ ազգային փոքրամասնութիւն կամ հեռանալ: Ասիկա բացայայտ յայտարարութիւն է ցեղասպանութեան մասին, որ ան նախապէս ծրագրած է եւ արդէն կ’իրականացնէ Արցախի շրջափակման միջոցով:
ալիեւը 9 Նոյեմբերի յայտարարութիւնը Հայաստանի յանձնողականութեան շարժում անուանած է եւ կոչ կ’ուղղէ «գիտակցիլ ուժերու յարաբերակցութիւնը»՝ ակնարկելով, որ իր բանակը աւելի ուժեղ է:
Ինչպէ՞ս կարելի է հասկնալ այս ամէնը:
Նախ՝ ասոնք զինուորական յարձակողական խօսքեր են, որ կը սպառնայ Արցախի, Հայաստանի եւ ողջ տարածաշրջանի անվտանգութեան: Իսկ նկատի առնելով այն հանգամանքը, որ ազրպէյճանը թուրքիոյ դաշնակիցն է, որ նախապէս մշակաշ է «Մեծ Թուրան»ի նախագիծը, ասիկա պէտք է ընկալել որպէս սպառնալիք ամբողջ մայրցամաքի անվտանգութեան։
Երկրորդ՝ ասոնք իշխողական խօսքեր են, որ մարտահրաւէր նետած է ամբողջ եւրոպական արժեհամակարգին եւ միջազգային իրաւունքին, քանի որ այդ խօսքերը կը բխին ուժով հարցերը լուծելու մտադրութենէն՝ առանց նկատի առնելու միջազգային իրաւունքը եւ բարոյական չափանիշները։
ազրպէյճանը պատերազմի միջոցով չէ կրցած հասնիլ յանձնողականութեան. արցախցիները ապրած են եւ պիտի շարունակեն ապրիլ իրենց հողին վրայ։ Նոյնիսկ նման դաժան փորձութենէն վերջ արցախահայութեան մեծ մասը վերադարձած է հայրենիք, անոնք, որոնք պատերազմի ընթացքին կորսնցուցած են իրենց տուները: Յանձնողականութիւնը նման է Հայաստանի իշխանութիւններու դիրքորոշումին, բայց ատիկա ոչ մէկ կապ ունի Արցախի հետ: Արցախը պայքարած է եւ կը շարունակէ պայքարիլ: Իսկ Հայաստանի հայերը պէտք է հասկնան, որ Արցախը կը պայքարի ոչ միայն իր, այլ նաեւ Հայաստանի պետականութեան համար: Եթէ ալիեւը 9 Նոյեմբերի եռակողմ յայտարարութիւնը «յանձնողականութեան շարժում» կը համարէ, ուստի որեւէ խաղաղութեան պայմանագիր ազրպէյճանի ձեռքին մէջ պիտի դառնայ գործիք՝ Արցախի հարցը «փակելու» եւ Հայաստանը թիրախաւորելու համար:
Միեւնոյն ժամանակ աշխարհը պէտք է հասկնայ, որ Արցախի խնդիրը սնունդի համար պայքարը չէ: Անիկա ոչ թէ տեղական, այլ համաշխարհային աշխարհաքաղաքական ծաւալ ունի: Ասիկա ժողովուրդի մը պայքարն է յանուն անկախութեան, որուն համար անիկա արդէն շատ բարձր գին վճարած է: Անիկա կը սպառնայ ոչնչացնել մայրցամաքի անվտանգութեան բարդ համակարգը: Ասիկա մարդկութեան առնուազն վերջին 100 տարիներու բոլոր մարդկային ձեռքբերումներուն խարխլումն է: Վստահ եմ՝ աշխարհի մէջ ոչ ոք կ’ուզէ, որ ցեղասպանութիւնը կրկին պատմական իրագործում դառնայ»:
