Արցախի Թեմը Վերափոխման Տօնին Նախորդող Շաբաթապահքը Համազգային Աղօթքի Շրջան Դարձնելու Կը Հրաւիրէ

Հայաստան, Սփիւռք

Արցախի թեմը կը հրաւիրէ Վերափոխման տօնին նախորդող շաբաթապահքը դարձնելու համազգային աղօթքի եւ ապաշխարութեան շրջան։

«Սիրելի հաւատաւոր քոյրեր եւ եղբայրներ, Օգոստոս 13-ին մենք միասնաբար պէտք է տօնենք մեր Եկեղեցւոյ տաղաւար տօներէն մէկը՝ Աստուածամօր Վերափոխման տօնը։

Համաձայն եկեղեցական տօնացոյցին՝ մեծ տօներուն կը նախորդեն պահեցողութեան որոշակի օրեր, ուստի, մեկնելով ներկայ ճգնաժամային իրավիճակէն՝ Արցախի թեմը կը հրաւիրէ բոլորը Վերափոխման տօնին նախորդող շաբաթապահքը դարձնելու համազգային աղօթքի եւ ապաշխարութեան շրջան մը։

Քանի որ ներկայիս արցախցիները ակամայ կը գտնուին սննդային պահքի մէջ, ուստի մեր յորդորն է, որ Օգոստոս 7-12 մեր ուշադրութիւնը առաւել կեդրոնացնենք աղօթքի, ինքնաքննութեան եւ հոգեւոր պահեցողութեան վրայ։ Իբրեւ օգտակար տարբերակ, կ՝առաջարկենք այդ մէկ շաբթուան ընթացքին աղօթել՝ Դաւիթի Սաղմոսներուն գիրքը ամբողջութեամբ ընթերցելով։ Օգոստոս 12-ին՝ ժամը 19։00-ին, Արցախի թեմի բոլոր գործող եկեղեցիներուն մէջ երեկոյեան ժամերգութեան ընթացքին տեղի պիտի ունենայ շաբաթապահքը ամփոփող միասնական աղօթք։

Եկէք միասնաբար մեր անկեղծ զղջումով եւ աղօթքով Աստուածամօր բարեխօսութիւնը խնդրենք Արցախ աշխարհի խաղաղութեան եւ հայ ազգի միասնութեան համար»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։