Պաշտպանութեան Պատասխանատուութեան Համաշխարհային Կեդրոնը ազրպէյճանին Կոչ Ըրած է Ապահովելու Ազատ Տեղաշարժը Բերձորի Միջանցքով

Աշխարհ, Հայաստան

Պաշտպանութեան պատասխանատուութեան համաշխարհային կեդրոնը (Global Centre For The Responsiblity To Protect) անդրադարձած է ազրպէյճանի կողմէ Բերձորի միջանցքի ապօրինի արգելափակման հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած մարդկայնական ճգնաժամին։

Կեդրոնին տարածած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ աւելի քան 7 ամիս ազրպէյճանը արգելափակած է Բերձորի միջանցքը՝ Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստանին կապող միակ ճանապարհը՝ յարուցելով մարդկայնական ճգնաժամ։

«Շրջափակումը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ապրող շուրջ 120 հազար հայերու, ներառեալ՝ 30 հազար երեխաներու, զրկած է կենսական նշանակութեան այնպիսի միջոցներէ, ինչպէս՝ սնունդը, դեղորայքը, ելեկտրականութիւնը, վառելիքը։ Յուլիս 28-ին Հայաստանի կառավարութիւնը ազրպէյճանը մեղադրեց շուրջ 400 թոն մարդասիրական օգնութիւնը Լեռնային Ղարաբաղ հասցնելէն հրաժարուելուն մէջ։ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէն Յուլիս 25-ին տարածած յայտարարութեամբ հաղորդեց, որ, հակառակ յամառ ջանքերուն, ԿԽՄԿ-ին վերջին անգամ շաբաթներ առաջ արտօնուած էր դեղորայք եւ անհրաժեշտ սնունդ հասցնել։ ազրպէյճանի իշխանութիւնները պէտք է անյապաղ դադրեցնեն Բերձորի միջանցքին արգելափակումը եւ ապահովեն մարդոց եւ ապրանքներու ազատ տեղաշարժը Բերձորի միջանցքով, ինչպէս նաեւ երաշխաւորեն մարդասիրական հասանելիութիւնը՝ միջազգային իրաւունքի եւ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի որոշման համապատասխան։ Պետութիւնները պէտք է երկխօսութիւն վարեն բոլոր կողմերուն հետ, ինչպէս նաեւ աջակցին տեղւոյն վրայ մարդկայնական իրավիճակը գնահատելու համար անկախ փաստահաւաք առաքելութիւն ուղարկելու վերաբերեալ Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի կոչին»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։