Արցախին Իբրեւ Աջակցութիւն՝ Դանիա եւ Շուէտ Բնակող Խումբ Մը Հայ Կանայք Հացադուլ Կը Յայտարարեն
Մենք կանգնած ենք նոր ցեղասպանութեան մը շեմին ու ականատես ենք, թէ ինչպէս մեր հայրենակիցները Արցախի մէջ այլեւս բացարձակ սովի ու զրկանքներու մատնուած են։
Դանիա եւ Շուէտ բնակող խումբ մը կիներով որոշած ենք միօրեայ հացադուլ յայտարարել իբրեւ աջակցութիւն գոնէ այն 30,000 երեխաներուն, որոնք այսօր կ՝ենթարկուին անհաւատալի զրկանքներու։ Ըստ infoport-ի, գրած է Դանիա բնակող քաղաքացի Լիլիթ Սահակեանը։ «Անոնք որոնք կրնան, որոնք մտահոգուած են, որոնք կը ցանկանան իրենց օժանդակութիւնը ցուցաբերել, (անկախ սեռէ, տարիքէ ու ազգութենէ) միացէք մեզի այս Ուրբաթ օրը՝ ժամը 10:00-17:00, միօրեայ հացադուլի Քոփենհակընի մէջ՝ ԵՄ-ի ներկայացուցչութեան առջեւ։ Հասցեն՝ Gothersgade 115։
Միանալ ցանկացողները թող գրառման տակ հաստատեն։
Դանիայի մէջ եւ Դանիայէն դուրս անոնք որոնք չեն կրնար մեզի ֆիզիքապէս միանալ Քոփենհակընի մէջ, կը խնդրենք միացէք հացադուլով ու անպայման այդ մասին տարածեցէք ձեր ընկերային հարթակներուն միջոցով։
Յ.Գ. Հացադուլը կը սկսինք վաղը երեկոյեան իսկ ԵՄ ներկայացուցչութեան մօտ կ՝ըլլանք վերը նշուած ժամանակահատուածին»,- infoport-ին գրած է ան:
