Յունաստանի Հ.Կ.­Խաչի Շրջ. Վարչութիւնը Արցախի Շրջափակման Հարցով Դիմեց Յունական Կարմիր Խաչին

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Ա­հա­զան­գիչ էր Ար­ցա­խի Մար­դու ի­րա­ւունք­նե­րու պաշտ­պա­նի՝ 13 Յու­լի­սի յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը, ուր ան կ­՚եզ­րա­փա­կէր ը­սե­լով՝ «­Կար­միր Խա­չի մի­ջազ­գա­յին կո­մի­տէից պա­հան­ջում եմ վա­ռել մարդ­կանց ցե­ղաս­պա­նո­ւե­լու վտան­գի ա­հա­զան­գի կար­միր կո­ճա­կը։ Իմ ժո­ղո­վուր­դը մատ­նո­ւած է յան­ցա­ւոր ան­տար­բե­րու­թեան բո­լո­րի կող­մից: Ար­ցա­խում ի­րա­վի­ճա­կը օր­հա­սա­կան է»:

Հ.Կ.­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թիւ­նը իր ձայ­նը միաց­նե­լով Ար­ցա­խի հա­մա­ժո­ղովըր­դա­յին հա­ւա­քին հնչած կո­չին, ո­րո­շում կա­յա­ցուց եւ ան­մի­ջա­պէս հան­դի­պում ու­զեց յու­նա­կան Կար­միր Խա­չի վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տին հետ, նա­մա­կով ի­րա­զեկ դարձ­նե­լու հա­մար զինք՝ ազրպէյ­ճա­նի կող­մէ Ար­ցա­խի շրջա­փակ­ման ա­ւե­րիչ հե­տե­ւանք­նե­րուն մա­սին եւ խնդրե­լով որ ան, կազ­մա­կերպ­չա­կան ներ­քին խո­ղո­վա­կով, դի­մէ Մի­ջազ­գա­յին Կար­միր Խա­չի Կո­մի­տէին, որ­պէս­զի Ցե­ղաս­պա­նու­թեան վտան­գի կար­միր ա­հա­զան­գը տրո­ւի ար­ցա­խա­հա­յու­թեան հա­մար:

Առ ի պա­տաս­խան, վար­չու­թիւնս ստա­ցաւ նա­մակ մը Յ.Կ.Խ.ի ա­տե­նա­պետ տոքթ. Ա. Աւ­ղե­րի­նո­սի ստո­րագ­րու­թեամբ, ուր ան իր զօ­րակ­ցու­թիւ­նը կը յայտ­նէ ընդ­հան­րա­պէս հայ ժո­ղո­վուր­դին, կը հաս­տա­տէ, թէ Կար­միր Խա­չի ա­ռա­քե­լու­թիւնն է մար­դա­սի­րա­կան օգ­նու­թիւն հասց­նել ուր որ կա­րի­քը կայ եւ կը վստա­հեց­նէ վար­չու­թեանս, թէ պի­տի դի­մէ «­Մի­ջազ­գա­յին Կար­միր Խա­չի Կար­միր Մա­հի­կ»ի պատ­կան մար­մի­նին՝ Հ.Կ.­Խա­չի ներ­կա­յա­ցու­ցած խնդի­րով: