
Դուք Ազնիւ Չէք, Նոյնիսկ Քիչ Մը Ազնիւ Չէք․ Գեղամ Ստեփանեանը՝ Դոյւօ Գլաարին
Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպանը՝ Twitter-ի իր էջով ներկայացուցած է հայերու հանդէպ ազրպէյճանական թշնամանքն ու ցեղասպանական նկրտումները ապացուցող հերթական փաստ։ Ան դիմած է Հարաւային Կովկասի մէջ ԵՄ յատուկ ներկայացուցիչ Դոյւօ Գլաարին՝ յայտարարելով, որ անոր յայտարարութիւններուն մէջ ազնուութեան կաթիլ անգամ չկայ։
ազրպէյճանի մէջ իրականացուած հարցման հեղինակը հետաքրքրուած էր, թէ Արցախէն ռուս խաղաղապահներու հեռանալէն ետք Արցախի տարածքին վրայ հայ երեխայի հանդիպելու պարագային ինչ կ՝ընեն ազրպէյճանցիները։ Հարցման մասնակիցներուն 17 տոկոսը յայտարարած է, որ մանկահասակ երեխային գերութեան մէջ կը վաճառէ, իսկ 22 տոկոսը ցուցադրած է մարդակեր ազրպէյճանցիի իրական դէմքը՝ յայտարարելով, որ երեխային կացինով մասերու կը բաժնէ ու կը կերակրէ շուներուն։
«Կ՝ըսէք՝ մարդասիրական օգնութիւն՝ Աղդամէն Ստեփանակերտի՞ն։ Նայեցէք այս նկարին, յետոյ՝ խօսեցէք։ Դուք ազնիւ չէք, անգամ քիչ մը ազնիւ չէք»,- գրած է Գեղամ Ստեփանեանը՝ յայտարարելով, որ այդ երկրի հասարակութիւնը ամբողջութեամբ տոգորուած է հայերուն հանդէպ ատելութեամբ։