
Վերջին Մէկ Ամիսը Յղութեան Վաղ Շրջանի Ընթացքին Պտուղի Կորուստներուն Ցուցանիշը Գրեթէ Երեք Անգամ Աճած է. ԱՀ Գլխաւոր Բժիշկ
Արցախի Հանրապետութեան մէջ յղիները զուրկ են կենսանիւթերով հարուստ մթերք ձեռք բերելու հնարաւորութենէն։ Այս մասին, ըստ Artsakhpress.am-ի, Յուլիս 19-ին կայացած հարցազրոյցի մը ընթացքին ըսած է Ստեփանակերտի Մօր եւ մանկան առողջութեան պահպանման կեդրոնի գործադիր տնօրէն Վարդգէս Օսիպովը։
«Բնականաբար, ստեղծուած իրավիճակը չի կրնար իր խիստ բացասական ազդեցութիւնը չունենալ թէ՛ պտղաբերութեան, թէ՛ բոլոր տեսակի բարդութիւններուն վրայ, որոնց մենք արդեն կը հանդիպինք մեր ամենօրեայ աշխատանքին ընթացքին։ Նշեմ, որ վերջին մէկ ամիսը յղութեան վաղ շրջանի մէջ պտուղի կորուստներուն ցուցանիշը աճած է գրեթէ երեք անգամ։ Անցեալ ամիս մենք, դժբախտաբար, ունեցանք նաեւ նախածննդեան մահացութեան ցուցանիշներու որոշակի աճ։ Բնականաբար, այս ամէնը հետեւանք են բազմաթիւ պատճառներու։ Ասիկա ճնշախտ է, որ կ՝ապրի մեր բնակչութիւնը, նաեւ՝ յղի կինը: Ի լրումն այս ամէնուն` շատ կարեւոր է կարգաւորուած սննդակարգը։ Բոլորը գիտեն, որ մեր բնակչութիւնը հնարաւորութիւն չունի առաջին անհրաժեշտութեան սննդամթերք օգտագործելու: Մինչդեռ ատիկա կը հանդիսանայ առողջ սերունդ ունենալու գրաւականը»,- նշած է Վ. Օսիպովը։ Ան ընդգծած է, որ յատկապէս վերջին օրերուն յղիներուն համար կաթնամթերք, հաւկիթ եւ կենսանիւթերով հարուստ այլ սննդամթերք ձեռք բերելը անհնար դարձած է։ Ստիպուած անհրաժեշտ կենսանիւթերուն պակասը կը փորձեն լրացնել եղած դեղահատերուն միջոցով, որ չի կրնար փոխարինել բնական կենսանիւթերուն։