ազրպէյճանը Շուրջ 3000 Քառակուսի Քիլոմեթր Տարածքի Վրայ Ստեղծած Է Ամենաբարդ Համակեդրոնացման Ճամբարը. ԱՀ ԱԺ Նախագահ

Աշխարհ, Հայաստան

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահը արդէն քանիերորդ անգամ միջազգային հանրութեան եւ միջկառավարական հիմնարկներու ուշադրութիւնը կը հրաւիրէ ազրպէյճանի ղեկավարութեան կողմէ մարդու նկատմամբ աննախադէպ բռնութեան, մարդկութեան դէմ զանգուածային յանցագործութեան փաստերուն վրայ:

Շուրջ 3000 քառակուսի քիլոմեթր տարածքի վրայ ստեղծելով ամենաբարդ համակեդրոնացման ճամբարը, ազրպէյճանը 2022 թուականի Դեկտեմբեր 12-էն Արցախի (ԼՂՀ) Հանրապետութեան քաղաքացիներուն վրայ կը փորձարկէ գիտութեան վերջին ձեռքբերումները՝ ուղղուած ամբողջ ժողովուրդի մը՝ Արցախի Հանրապետութեան հայ բնակչութեան ապամարդկայնացման։

Ազատատենչ երկրի 120+30 (բռնի տեղահանուած) հազարանոց բնակչութիւնը 8 ամիս շարունակ ամէն օր կ՝ենթարկուի նուաստացման, սովի եւ ֆիզիքական բնաջնջման սպառնալիքներու, կ՝ապրի առանց ելեկտրականութեան, կազի, վառելիքի եւ դեղորայքի։ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն ետք, երբ միջազգային հանրութիւնը դատապարտեց եւ միջազգային իրաւունքի մէջ ամրագրեց դրոյթներ, որոնք ապագային կը բացառէին ֆաշիստական Գերմանիայի ոճրագործութիւններուն կրկնութիւնը, դժուար էր պատկերացնել, որ 21-րդ դարուն մեր ժողովուրդը կը կանգնի բնաջնջման նոր մեթոտներով՝ ֆիզիքական ոչնչացման վտանգի առջեւ, եւ այդ ամէնը նոյնիսկ չ՝արժանանար միջազգային հանրութեան միջամտութեան՝ մարդկային մեծ ողբերգութիւնը կանխելու նպատակով:

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահը կ՝ահազանգէ՝ ապաւինելով բոլոր անոնց խղճին, որոնցմէ կախուած է ազրպէյճանի քաղաքական ղեկավարութեան կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի հայերուն նկատմամբ մարդկութեան դէմ կատարուած սարսափելի յանցագործութիւնը կանխելու որոշման ընդունումը:

Միեւնոյն ժամանակ, հաշուի առնելով յարձակողական երկրի կողմէ իր անկախութիւնը ինքնահռչակած պետութիւններու նկատմամբ բռնութեան ու յարձակման վերաբերող միջազգային իրաւունքի դրոյթները, կոչ կ՝ընենք պատասխանատու եւ փրոֆիլային միջազգային միջկառավարական հիմնարկներուն գործարկելու Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման գործընթացը՝ իբրեւ ցեղասպանութեան եւ հայրենիքէն մեր ժողովուրդի բռնի տեղահանման կանխարգիլման ամենագործուն ուղին:

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահը կոչ կ՝ընէ միջազգային միջկառավարական հիմնարկներուն յատուկ քրէական տրիբունալ հիմնելու ազրպէյճանի ղեկավարութեան նկատմամբ՝ Արցախի Հանրապետութեան տարածքին վրայ ժամանակակից համակեդրոնացման ճամբար ստեղծելու յանցագործութեան համար, որ պարբերաբար կ՝ոչնչացնէ Լեռնային Ղարաբաղի բնիկ ժողովուրդ հանդիսացող բնակչութիւնը:

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահը լիայոյս է, որ մեր ժողովուրդին կողմից ընտրուած Գերագոյն մարմնի ուղերձը անարձագանգ չի մնան, եւ միջազգային հանրութիւնն ու միջկառավարական հիմնարկները անձնատուր չեն ըլլար յարձակողներուն եւ մարդասպաններուն, այլ տէր կը կանգնին Արցախի Հանրապետութեան ժողովուրդին:

Արցախի խորհրդարանի ղեկավարը համոզուած է, որ վերը նշուած վտանգներէն խուսափելու միակ միջոցը Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան ճանաչումն է՝ «ճանաչում յանուն փրկութեան» սկզբունքի հիման վրայ: