Անընդունելի Կը Համարենք շառլ Միշէլի Յայտարարութիւնը. Արցախի ՀԿ-ներ

Աշխարհ, Հայաստան

Արցախի Հանրապետութեան հասարակական կազմակերպութիւնները տարածած են յայտարարութիւն, ուր կը նշուի.

«Արցախի Հանրապետութեան հասարակական կազմակերպութիւնները կ՝ողջունեն եւ շնորհակալութիւն կը յայտնեն եւրոպական 470 ՀԿ-ներուն եւ միաւորումներուն, որոնք նամակ յղած են Եւրոպական միութեան եւ Եւրոպական խորհուրդի ղեկավար անձերուն՝ յորդորելով անյապաղ եւ արդիւնաւէտ քայլեր ձեռնարկել ազրպէյճանի կողմէ Արցախի շարունակական անօրինական շրջափակումը վերացնելու համար։

Չափազանց կարեւոր կը համարենք եւրոպական գործընկերներուն կոչը՝ ճանչնա՛լ Արցախի բնիկ հայ բնակչութեան ինքնորոշման իրաւունքի իրացումը՝ իբրեւ կենսական անհրաժեշտութիւն։

Կը կիսենք այն տեսակէտը, որ անհրաժեշտ է օգտագործել բոլոր լծակները, որպէսզի Արցախի կարգավիճակը արտացոլէ իր բնիկ հայ բնակչութեան ժողովրդավարական կամարտայայտումը, ինչպէս նաեւ ստեղծէ պայմաններ՝ կայուն խաղաղութեան եւ անվտանգութեան համար։

Համոզուած ենք, որ ազրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան յարատեւ արժանապատիւ եւ արդար կարգաւորումը պէտք է հիմնուի Արցախի ժողովուրդի անհատական եւ հաւաքական իրաւունքներուն, ինչպէս ինքնորոշման իրաւունքի յարգման վրայ։

Միեւնոյն ժամանակ խստագոյնս կը դատապարտենք եւ անընդունելի կը համարենք Պրիւքսէլի մէջ կայացած վերջին հանդիպման արդիւնքներով Եւրոպական խորհուրդի նախագահ շառլ միշէլի յայտարարութիւնը, որմով իբրեւ Արցախի ժողովուրդին մարդկայնական աջակցութիւն տրամադրելու ուղի դիտարկուած է Աղդամ-Ստեփանակերտ ճանապարհը։ Կ՝ընդգծենք եւ կը յիշեցնենք, որ մարդկայնական աղէտի մէջ գտնուող ժողովուրդին տրամադրուող աջակցութիւնը չի կրնար ըլլալ անոր արժանապատուութեան ոտնահարման գնով, երկրէ մը, որ բացի ատելութենէն, տառապանքներէն եւ ցաւերէն այլ բան առաջարկել չի կրնար։

Յոյսով ենք, որ եւրոպական քաղհասարակութեան ներկայացուցիչները հետեւողական պիտի ըլլան իրենց կողմէն մատնանշուած գործողութիւնները կեանքի կոչելու հարցով։

«Հայքի մշակոյթի օմբուդսմեն» ՀԿ
«Երիտասարդական հանրային հետազօտութիւնների կեդրոն» ՀԿ
«Միացեալ Հայաստան» հայրենասիրական ՀԿ
«Հաւասար հնարաւորութիւն» ՀԿ
«Հադրութի դեօկուպացիա» ՀԿ
«Փախստական կանանց միաւորում» ՀԿ
«Հայ Բարեկամների Միաւորում»  ՀԿ
«Երիտասարդների միաւորում յանուն արդարութեան» ՀԿ
«ԳԵՆ նախաձեռնութիւնների կեդրոն» ՀԿ
«Մայրութիւն» ՀԿ
«Քաղաքացիական հաբ» ՀԿ
«Փախստականների միութիւն» ՀԿ
«Արցախի կամաւորների միութիւն» ՀԿ
«Մեր տուն – Արցախ» ՀԿ