Արցախի Մէջ Յաջորդ Հանրահաւաքը՝ Յուլիս 15-ին

Հայաստան

Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Գուրգէն Ներսիսեան կը գրէ.

«Սիրելի հայրենակիցներ, քանի որ այսօր մեկնարկած Արցախի համաժողովրդական շարժման մասնակիցները օրուան ընթացքին ոտքով մօտ երկու տասնեակ քիլոմեթր ճանապարհ անցած են ու բաւական ուշ հասած են Ստեփանակերտ, ուստի մեր յաջորդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ վաղը, Յուլիս 15-ին, ժամը 20:00-ին, Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ, ուր պիտի ներկայացուին վերջին երկու օրուան աշխատաանքները, երկրին մէջ ստեղծուած վիճակը, ինչպէս նաեւ պիտի որոշենք յետագայ ընելիքները։

Ի դէպ, Վերածնունդի հրապարակին վրայ վրանները արդէն տեղադրուած են:

Արցախի համաժողովրդական շարժումը այլեւս իրականութիւն է, ի հեճուկս իրենց իրական դէմքն ու խառնակիչ կերպարը թաքցնելուն ոչ ունակներու»։