Մեր Յորդորը Կ՝ուղղենք ՀՀ Իշխանութիւններուն՝ Հրաժարիլ Զիջողական Կեցուածքներէն․ Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդ

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Արցախի մէջ տիրող ծանր կացութեան առնչութեամբ Մայր Աթոռի Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը հանդէս եկած է յայտարարութեամբ։

«Վրդովմունքով կ՝արձանագրենք, որ ազրպէյճանի ռազմատենչ ու հայատեաց շարունակուող գործողութիւններուն, Արցախի ամբողջական շրջափակման հետեւանքով առաւել կը խորանայ մարդկայնական իրավիճակը Արցախի մէջ: Խորապէս մտահոգիչ է, որ, հակառակ ՌԴ Խաղաղապահ զօրախումբին ներդրած ջանքերուն, ազրպէյճանական յարձակումները կը ստանան նոր ծաւալներ:

Ստեղծուած ծանր կացութեան մէջ, երբ Արցախի ժողովուրդը զրկուած է անհրաժեշտ սնունդի, դեղորայքի եւ կենսական պարագաներու մատակարարումներէն եւ կը բախի ազրպէյճանի ցեղասպանական գործողութիւններուն, կը դիմենք Մինսկի խումբի համանախագահող երկիրներուն, Եւրոմիութեան անդամ պետութիւններուն՝ հրատապօրէն ձեռնարկելու կանխարգելիչ գործողութիւններ, ներառեալ ազրպէյճանի հանդէպ պատժամիջոցներ, որպէսզի ժամ առաջ ապաշրջափակուի Արցախի կեանքի ճանապարհը՝ Բերձորի (Լաչինի) միջանցքը, եւ վերականգնուի բնականոն կեանքը Արցախի Հանրապետութեան մէջ:

Հարկ է, որ միջազգային հանրութիւնը առաւել գործնական քայլերով դատապարտէ ազրպէյճանի անմարդկային եւ թշնամական քաղաքականութիւնը՝ ուղղուած Արցախի ժողովուրդին դէմ։ Հարկադրանքի եւ հաշուէհարդարի սպառնալիքներուն ներքոյ Արցախի մէջ չի կրնար հաստատուիլ խաղաղութիւն:

Մեր յորդորը կ՝ուղղենք Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն՝ հրաժարելու զիջողական կեցուածքներէն, դրսեւորելու վճռականութիւն եւ մարդու հիմնարար իրաւունքներու համապարփակ կիրառմամբ ապահովելու իրավիճակի այնպիսի հանգուցալուծում, որ երաշխիք կը դառնայ հայրենի հողին վրայ Արցախի ժողովուրդին անկախ, անվտանգ ու արժանապատիւ կեանքին։

Կը յորդորենք համայն մեր ժողովուրդը ի Հայաստան եւ ի Սփիւռս՝ աննուազ հետեւողականութեամբ շարունակելու ջանքեր ներդնել՝ ի զօրակցութիւն Արցախ աշխարհի եւ անոր հաւատաւոր ու հերոսական ժողովուրդի:

Թող Աստուած օրհնէ Հայաստան եւ Արցախ մեր երկիրը եւ աշխարհասփիւռ մեր ժողովուրդը. ամէն»: