ԱՀ Պետնախարարը Ներկայացուցած է Խաղաղապահներու Հրամանատարութեան Հետ Հանդիպման Արդիւնքն ու Շարժման Ընելիքները
Այսօր համաժողովրդական շարժման մասնակիցները Ռուս խաղաղապահ զօրակազմի տեղակայման վայրին մէջ խաղաղ ցոյց իրականացուցած են` Արցախի կեանքի ճանապարհի ապաշրջափակման պահանջով։
Պետնախարար Գուրգէն Ներսիսեան, ներկայացնելով շարժման պահանջները, նշած է, որ Արցախի ժողովուրդը 2020 թուականի Եռակողմ յայտարարութեան շահառուն է, եւ եթէ անոր կէտերը երեք կողմերէն ոչ մէկը կը կատարէ, չի նշանակեր, որ ատոր հետեւանքները պէտք է կրէ արցախցին:
«Ատոր համար ներկայացած ենք ու ամբողջ Արցախի անունով կ՝ըսենք, որ երբ Արցախը, գտնուելով շրջափակման մէջ, այստեղ ամէնօրեայ եղանակով ուղղաթիռներ կը թռչին, ասիկա ընկերական, բարեկամական, գործընկերային չէ»,- շեշտած է ան։ Այնուհետեւ պետական նախարարը, շարժման խումբ մը ներկայացուցիչներ, հանդիպած են խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութեան հետ։
Հանդիպումէն ետք Գուրգէն Ներսիսեան յայտարարած է, որ խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատար, զօրավար Ալեքսանդր Լենցովի հետ որոշուած է, որ անոնց կողմէ ամէնօրեայ եղանակով ՌԴ պիտի զեկուցուի Արցախի մէջ տիրող իրավիճակը։ Պետնախարարին խօսքով` խաղաղապահ առաքելութեան հրամանատարութիւնը կ՝ընդունի, որ խախտուած են 2020 թուականի եռակողմ յայտարարութեան դրոյթները։

«Պարտաւորուած եւ ընդունած են, որ իրենք աշխատանք ունին ընելու` մարդկայնական ճգնաժամը վերացնելու համար»,- աւելցուցած է Գ. Ներսիսեան` տեղեկացնելով, որ Ասկերանի շրջանի բնակիչները պիտի մնան խաղաղապահ զօրակազմի մշտական տեղակայման վայրին մօտ` մինչեւ յստակ լուծումներ տրուին խնդրին, իսկ շարժման մասնակիցներուն մէկ մասը վերադարձած է Ստեփանակերտ, ուր նոյնպէս տեղադրուած են վրաններ, պետնախարարի բնորոշմամբ` Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակին կարմիր լոյսը վառ պահելու եւ համաժողովրդական շարժումը շարունակելու նպատակով։
