
ազրպէյճանի Կողմէ Բերձորի Միջանցքի Արգելափակումը Երեք Երկիրներու Ղեկավարներուն Համատեղ Յայտարարութեան Խախտում է. ՌԴ ԱԳՆ
Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան յայտարարած է, որ ազրպէյճանի կողմէ Բերձորի միջանցք մուտքի արգելափակումը Ռուսիոյ, ազրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու համատեղ յայտարարութեան խախտում, որ կը տանի լարուածութեան խորացման: Այս մասին նշած է Զախարովան ՝ մեկնաբանելով Բերձորի միջանցքին շուրջ ստեղծուած իրավիճակը:
«ազրպէյճանի կողմէ Բերձորի միջանցքին մուտքը փակելուն առնչութեամբ ուշադրութիւն կը հրաւիրենք այն փաստին վրայ, որ նման գործողութիւնները Ռուսիոյ, ազրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներուն 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեան դրոյթներու խախտում են: Նման քայլերը կը յանգեցնեն լարուածութեան սրման եւ չեն նպաստեր Ռուսիոյ աջակցութեամբ՝ ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին շուրջ բնականոն մթնոլորտի պահպանման»,- ըսած է Զախարովան:
Ռուսիան կոչ կ՝ընէ պաքուին ամբողջութեամբ ապաշրջափակելու երթեւեկութիւնը Բերձորի միջանցքով, ինչպէս նաեւ կ՝ընդգծէ եռակողմ համաձայնութիւններու անշեղ պահպանման կարեւորութիւնը: ազրպէյճանական կողմը երէկ՝ Յունիս 22-ին, դիմած է հերթական սադրանքին ու յանցաւոր գործողութեան՝ կրաշաղախէ արգելապատնէշով փակելով Արցախ-Հայաստան միակ ճանապարհը (Բերձորի միջանցքը):
«Փաստօրէն, ի լրումն ապօրինի անցակէտի եւ զրահամեքենաներու միջոցով ճանապարհի արգելափակման՝ ազրպէյճանը այժմ ցուցադրական կերպով կը փակէ ճանապարհը՝ բացառելով ցանկացած տեղաշարժ, ներառեալ՝ Կարմիր խաչի եւ խաղաղապահներու կողմէ: Այս դէպքը հերթական աագամ կը ցուցադրէ ազրպէյճանական իշխանութիւններուն յանցաւոր նպատակները՝ Արցախի ժողովուրդը ամբողջապէս մեկուսացնելու արտաքին աշխարհէն եւ կիրառելու բռնաճնշումներու բոլոր մեթոտները»,- ըսուած է Արցախի տեղեկատուական շտաբի տարածած հաղորդագրութեան մէջ: