
Եւրոպական Կառոյցներուն Արձագանգը Համարժէք Չէ Մարդկայնական Ճգնաժամին եւ Նկատուող Ռազմական Լարուածութեան․ Նաթալի Լուազօ
Երէկ հետեւած եմ Հայաստանի մէջ Եւրոպական Մութեան դիտորդական առաքելութեան պարեկութեան. մենք տեսած ենք ազրպէյճանի կողմէ Բերձորի միջանցքին ամբողջական փակումը: Այս մասին Twitter-ի իր էջին վրայ գրած է Եւրոպական խորհրդարանի պաշտպանութեան հարցերով ենթայանձնաժողովի նախագահ Նաթալի Լուազոն, որ այցելութեամբ կը գտնուէր Հայաստան։
«Լեռնային Ղարաբաղի մէջ 120 հազար հայ կտրուած է ամէն ինչէ: Ռուս զինուորները, որոնք պէտք է պաշտպանեն անոնց, անգործունեայ են. Հայաստանի մէջ ԵՄ դիտորդական առաքելութիւնը ճշգրիտ կը փաստագրէ իրավիճակը, եւ Հայաստանը կ՝ողջունէ անոր ներկայութիւնը։ Այսպիսով, եւրոպական կառոյցները լիովին տեղեկացուած են իրավիճակին մասին: Անոնց արձագանգը համարժէք չէ մարդկայնական ճգնաժամին եւ նկատուող ռազմական լարուածութեան»,- գրած է Լուազոն։