ԵԽԽՎ-ի Մէջ ազրպէյճանի Պատուիրակութեան Ջանքերը Տապալուած են. Բերձորի Միջանցքին Հարցը Օրակարգ Ներառուած է

Աշխարհ, Հայաստան

ազրպէյճանի պատուիրակութեան ջանքերը՝ խոչընդոտել Բերձորի միջանցքի հարցին ներառումը ԵԽԽՎ ամառնային նստաշրջանի օրակարգէն ներս, տապալուած են: Այս մասին տեղեկացուցած է ԵԽԽՎ-ի մէջ հայկական պատուիրակութեան անդամ Վլատիմիր Վարդանեան:

«Ճնշող մեծամասնութեամբ ԵԽԽՎ-ն այս հարցը ընդգրկեց ընթացող նստաշրջանի օրակարգէն ներս»,- յայտնած է պատգամաւորը:

Հրատապ թեմայով քննարկումը պիտի կայանայ Յունիս 22-ին:

ազրպէյճանը ապօրինի կերպով անցակէտ տեղադրած է Բերձորի միջանցքին՝ Հակարի կամուրջին վրայ։ Հայաստանի եւ Արցախի արտաքին գործերու նախարարութիւնները յայտարարած են, որ ազրպէյճանի այդ քայլը 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան խախտում է։

Աւելին՝ Հակարիի կամուրջին մօտ Յունիս 15-ին տեղի ունեցած ազրպէյճանական սադրանքէն ետք Բերձորի միջանցքով մարդասիրական բոլոր ուղեւորափոխադրումներն ու բեռնափոխադրումները արգիլուած են ազրպէյճանի կողմէ: