փաշինեանը Հակահայկական Դիրքորոշում Արտայայտած է Միջազգային Հանրութեան․ Գասպար Կարապետեան

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

«Եւրոխորհրդարանի պատգամաւորներուն գործադրած ճնշումներուն իբրեւ արդիւնք՝ ԵՄ արտաքին հարցերու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձր ներկայացուցիչ Ժոզէբ Պորելը յայտարարած է, որ եթէ ազրպէյճանը շարունակէ Արցախը շրջափակման մէջ պահել՝ պատժամիջոցներ կիրառելու անհրաժեշտութեան վերաբերեալ խնդրանքը պիտի փոխանցէ ԵՄ նախարարներուն, որ անոնք այդ հարցը դնեն քննարկման»,- Alpha News-ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան, կը հաղորդէ arfd.am-ը։

«Մենք բարձր կը գնահատենք Եւրոխորհրդարանի պատգամաւորներուն ջանքերը, որոնք իրենց հնարաւորութիւններուն չափով տէր կը կանգնին Արցախի տեղաբնիկ հայ բնակչութեան իրաւունքներուն:

Ափսոս միայն, որ Հայաստանի վարչապետ նիկոլ փաշինեանը, ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան ճանաչման վերաբերեալ յայտարարութիւն ընելով, հակահայկական դիրքորոշում արտայայտած է միջազգային հանրութեան:

Գասպար Կարապետեան նկատած է, որ Եւրոպական խորհրդարանի լիագումար նիստին ընդգծուած հակահայկական դիրքորոշում ունեցող երկու պատգամաւորներ՝ Լեհաստանէն Աննա ֆորդիկան, Լաթվիայէն Անտրիւս Գուպիլիուսը գոված են նիկոլ փաշինեանը՝ ըսելով, որ վերջապէս գտնուեցաւ մէկը, որ քաջութիւն ունեցաւ եւ ճանչցաւ ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը:

«Եթէ ես ըլլայի երկրի ղեկավարը՝ ինծի շատ վատ պիտի զգայի, որ թշնամիս գովէր զիս: Անհեթեթ է ըսել, որ որեւէ նախկին իշխանութիւն ճանչցած է Արցախը իբրեւ ազրպէյճանի մէկ մասը: Ցաւալի է, որ Պորելը կամ պորելներուն նմանները ճիշդ լուծում գտնելու իրենց անկարողութիւնը կը քողարկեն՝ ըսելով, թէ ինչ կ՝ուզէք, որ մենք ընենք, երբ որ հայերը իրենք Արցախը չեն ուզեր պահել, իսկ փաշինեանը այդ առիթը տուած է իրնց»,- ընդգծած է Գասպար Կարապետեան:

Յիշեցնենք, որ Եւրոպական Խորհրդարանի լիագումար նիստին հարց ու պատասխանին պատգամաւորները քննադատական հարցեր ուղղած են ԵՄ արտաքին հարցերու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձր ներկայացուցիչ Ժոզէբ Պորելին՝ ԵՄ-ի վարած քաղաքականութեան վերաբերեալ Արցախի հարցով:

Անոնք դատապարտած են ԵՄ ղեկավարութեան անգործութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան հարցով եւ նշած, որ Հայաստանի մէջ ԵՄ ներկայ առաքելութիւնը անարդիւնաւէտ է։

Եւրոխորհրդարանի պատգամաւորները կոչ ըրած են ԵՄ ղեկավարութեան՝ օգտագործելու իրենց ունեցած լծակները՝ Արցախը շրջափակումէն ազատելու համար, որ յանգեցուցած է մարդկայնական ճգնաժամի։

Եւրոխորհրդարանի պատգամաւորները նաեւ կոչ ըրած են պատժամիջոցներ կիրառելու ազրպէյճանի հանդէպ, քանի որ վերջինս չի յարգեր միջազգային համաձայնագրերն ու դատական ատեաններուն որոշումները։ Տեսակէտներ հնչած են, որ ԵՄ գործադիր իշխանութիւնը կարծես ի վիճակի չէ պատշաճ կերպով դատապարտելու Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին հիմնարար իրաւունքներուն լուրջ խախտումները։