«Հայերը Օսմանեան Կայսրութեան Մէջ» Թեմայով Համաժողով՝ Տիգրանակերտի Մէջ

Աշխարհ, Էրկիր, Սփիւռք

Տիգրանակերտ (ներկայիս թուրքիոյ Տիարպեքիր) քաղաքին մէջ տեղակայուած Տիճլէ համալսարանի մշակութային կեդրոնին մէջ Յունիս 2-ին կազմակերպուած է պանելային քննարկում՝ «Հայերը Օսմանեան կայսրութեան մէջ․ գիտութիւն, մշակոյթ եւ արուեստ» թեմայով։ Այս մասին կը հաղորդէ Akunq.net-ը։

Ձեռնարկը համատեղ ուժերով կազմակերպած են թուրքիոյ հայ կաթոլիկ համայնքի առաջնորդարանը եւ Տիճլէ համալսարանը։

Քննարկման մասնակցած են Տիգրանակերտի փոխնահանգապետը, Տիճլէ համալսարանի տնօրէնի տեղակալը, Սուր շրջանի գաւառապետը, Տիգրանակերտի քաղաքապետը, յիշեալ նահանգի այլ գաւառներու կառավարիչներ, թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչը, Հիմնադրամներու շրջանային տնօրէնը եւ այլ պաշտօնեաներ ու հասարակ քաղաքացիներ։

Համաժողովին բացման խօսքով հանդէս եկած է Տիճլէ համալսարանի Մշակոյթի եւ արուեստի կեդրոնի տնօրէն, դասախօս Պուրաք Քազանը, իսկ ամփոփիչ ելոյթով՝ թուրքիոյ հայ կաթոլիկ համայնքի առաջնորդ Լեւոն արքեպիսկոպոս Զեքիեանը։