Սուրիահայերու Հիմնախնդիրները` Սփիւռքի Նախարարութեան Ուշադրութեան Կեդրոնին

Հայաստան

Հոկտեմբեր 23-ին սփիւռքի նախարարի պաշտօնակատար Մխիթար Հայրապետեան հանդիպեցաւ ՄԱԿ-ի փախստականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի հայաստանեան գրասենեակի ներկայացուցիչի առաքելութիւնը ստանձնած Աննա-Քարին Օսթի հետ:

 Հանդիպման ընթացքին ծաւալուն անդրադարձ կատարուեցաւ սփիւռքի նախարարի պատուիրակութեան` վերջերս Սուրիա կատարած աշխատանքային այցին, իր ունեցած հանդիպումներուն, ստացած տպաւորութիւններուն, այցի արդիւնքերուն: Նախարարի պաշտօնակատարը նշեց, որ այցը յատկապէս ոգեւորիչ էր Հալէպի հայ համայնքին համար` հաշուի առնելով այն, որ 2011 թուականէն ի վեր, երբ սկսաւ սուրիական պատերազմը, Հայաստանի Հանրապետութիւնը ներկայացնող ոեւէ պաշտօնեայ չէր այցելած հայաշատ Հալէպ: «Չեմ կրնար չնշել, որ Սուրիոյ հայ համայնքը, հակառակ առկայ բազմաթիւ խոչընդոտներուն, լի էր յոյսով ու կեանքով: Հալէպի մէջ մենք յաճախ կը լսէինք ռումբերու պայթիւններու ձայները, մեզի համար ատիկա արտակարգ իրավիճակ էր, սակայն Հալէպի բնակիչներուն համար այդ ամէնն իրենց առօրեայի սովորական մասը  դարձած է,- նշեց Մխիթար Հայրապետեան:

Ան  նաեւ բարձր գնահատեց Դամասկոսի մէջ ՀՀ դեսպանութեան եւ Հալէպի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսութեան աշխատանքը: «Մեր դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնները միակն էին, որ չդադրեցան գործելէ նոյնիսկ պատերազմի ամենաթէժ օրերուն»,-նշեց նախարարի պաշտօնակատարը:

 Քննարկուեցան Հայաստանի մէջ հաստատուած սուրիահայերու ընդելուզման վերաբերող հարցեր, վերջիններուս մօտ դեռեւս առկայ հիմնախնդիրները, երկուստեք կարեւոր համարուեցան սփիւռքի նախարարութեան եւ ՄԱԿ ՓԳՀ-ի հայաստանեան գրասենեակին հետ համագործակցութեան սերտացումն ու զարգացումը: