Ս․ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի Վախճանման 850-ամեակին Ձօնուած Սրբազան Համերգ Անթիլիասի Մէջ
֍ Հինգշաբթի, 25 Մայիս 2023-ին, հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Կաթողիկոսին, Կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբը սրբազան համերգով ելոյթ ունեցաւ Մայր Տաճարին մէջ, ձօնուած Ս. Ներսէս Շնորհալի մեծանուն հայրապետին վախճանման 850 ամեակին։
֍ Այս առիթով Հայրապետական Սրբատառ Կոնդակը ընթերցեց Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեան։
֍ Քառաձայն երգչախումբին ղեկավարն էր Հոգշ. Տ. Զաւէն Վրդ. Նաճարեան։
֍ Հայրապետական թափօրին մուտքէն ետք համերգը ընթացք առաւ «Տէրունական Աղօթք»ով, որմէ ետք բացման խօսքով հանդէս եկաւ Գերպ. Տ. Ստեփանոս Ծ. Վրդ. Փաշայեան։«Շնորհալի» երգչախումբին երգացանկը պարունակեց Շնորհալի հայրապետին կողմէ գրուած ու մշակուած մեղեդիներ, տաղեր, շարականներ եւ հոգեւոր երգեր։
֍ Մէջ ընդ մէջ Կաթողիկոսարանի «Նարեկացի» մանկապատանեկան երգչախումբի փոքրիկներէն երեք անդամներ «Հաւատով Խոստովանիմ»էն հատուածներ արտասանեցին։
֍ Ձեռնարկի աւարտին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս «Պահպանիչ» աղօթքով փակեց սրբազան համերգը։




