«Հայ Եկեղեցին Եւ Հայ Երիտասարդը» Թեմայով Համագումար՝ Պիքֆայայի Ս․ Աստուածածին Վանքին Մէջ

Սփիւռք

֍ Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան (Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.) 60 ամեակի «Ապագային Նայող Ու Ապագային Գացող Հայ Համալսարանակը» խորագիրով ձեռնարկներու ծիրին մէջ, Շաբաթ, 20 Մայիս 2023-ին, օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ տեղի ունեցաւ ուսանողական համագումարներու շարքին երկրորդը՝ «Եկեղեցին Ու Հայ Երիտասարդը» թեմայով։

֍ Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.ի կազմակերպութեամբ սոյն համագումարներու շարքին հովանաւորն է Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքը։ Համագումարին ներկայ էին աւելի քան 100 համալսարանական երիտասարդներ՝ ներկայացնելով լիբանանահայ երիտասարդական ու ուսանողական կազմակերպութիւններն ու միութիւնները։

֍ Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.ի վարչութեան անդամ Ֆիլիփ Սրկ. Ժինեան, որ լուսարձակի տակ առաւ Վեհափառ Հայրապետին յատուկ գուրգուրանքն ու քաջալերանքը երիտասարդ սերունդին, մանաւանդ երբ հարցը կը վերաբերի լսելու անոնց մտահոգութիւններն ու կեցուածքները։

֍ Նորին Ս. Օծութիւնը իր ուրախութիւնը յայտնեց ի տես երիտասարդներուն ներկայութեան, որ պերճախօս վկայութիւն սեպեց երիտասարդութեան եկեղեցւոյ հետ ունեցած կապին, ու ընդգծեց, որ երիտասարդութիւնը հեռու չէ եկեղեցիէն, ինչպէս շատեր մեքենաբար կը յայտարարեն։

֍ Նիստի աւարտին մասնակիցները առիթը ունեցան Հայրապետին ուղղելու իրենց հարցումները եւ բաժնելու իրենց կարծիքները, մանաւանդ արժէքներու փոփոխութեան, ընտանիք հասկացողութեան, Սփիւռքի վերակազմակերպման մէջ երիտասարդին դերակատարութեան գծով։

֍ Համագումարի երկրորդ նիստը «Ամուսնական Կեանքն Ու Հայ Երիտասարդը» թեմայով կլոր սեղան էր՝ մասնակցութեամբ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեանի, Գերպ. Հ. Սեպուհ Վրդ. Կարապետեանի եւ Վերապատուելի Ժիրօ Ղազարեանի, զրուցավար ունենալով Գերպ. Տ. Ստեփանոս Ծ. Վրդ. Փաշայեանը, որ ամփոփ կերպով ներկայացուց դասախօս հոգեւորականները։

֍ Համագումարի վերջին բաժինով Քրիստին Դանիէլեան-Սարգիսեան եւ Մարիա Եագուպեան-Քէշիշեան խօսեցան եկեղեցւոյ կեանքին մէջ ընկերային ծառայութեան կարեւորութեան մասին։ Հակիրճ ներկայացումէն ետք տեղի ունեցաւ աշխատանոց (workshop) մը:

֍ Համագումարը իր աւարտին հասաւ մասնակից երիտասարդներուն Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի համանուն մատրան մէջ երեկոյեան ժամերգութեան մասնակցութեամբ։