
Գամիշլիէն Հեռու՝ Գամիշլիի «Մասիս»-ի Կողքին (նկարներ)
Գամիշլիի արժանաւոր զաւակներ՝ Սուրէն Յովհաննէսեանի նախաձեռնութեամբ եւ Ֆրանսայէն ժամանած Բաբգէն Սարգիսեանի նախագահութեամբ, Մայիս 20-ին, Հոլանտայի մէջ տեղի ունեցաւ ֆութպոլի մրցոյթ, որուն մասնակցեցաւ յարակից երկիրներու ֆութպոլի 9 խումբ: Այս մասին «Եռագոյն»-ին յայտնեց Հոլանտայի մեր գործընկեր Սեւան Կարապետեան։
Մրցոյթին առաջին տեղը գրաւեց «ՀՄԸՄ-Լիոն» խումբը
Երկրորդ տեղը՝ «Արմենիա-Պրիւքսէլ» խումբը
Երրորդ տեղը «Մասիս Ա.» խումբը։

Նոյն օրը երեկոյեան, Եւրոպայի համախմբուած գամիշլիահայութիւնը մասնակցեցաւ կազմակերպուած պարահանդէսին, ուր սիրուած երգերով հանդէս եկաւ գամիշլիցի երգիչ՝ Բաբգէն Խաչատուրեան։ Երեկոյի ընթացքին պարգեւատրուեցան շարք մը երէց մարզիկներ։

Ողջ օրուան համերաշխ ու սիրով լի ուրախ տրամադրութիւնը կը թեւածէր ամէն տեղ, կանայք, երիտասարդներ, երէցներ իւրաքանչիւրը իր կարելին կ՛ընէր որեւէ գործով աջակցելու։

Մթնոլորտը վկայեց, որ միասնութիւնը ուժ է։ Գամիշլիէն հեռու ապրող սրտացաւ հայորդիները այս նախաձեռնութեան հասոյթը նուիրեցին իրենց ծննդավայրի «Մասիս» ֆութպոլի խումբի բարգաւաճման:

Այս ուրախ առիթով ստեղծուեցաւ նաեւ Եւրոպայի «Մասիս» ֆութպոլի խումբը, որուն կեդրոնը կը գտնուի Հոլանտայի մէջ։