Եթէ Չէք Պատկերացներ Ինչ Պիտի Կատարուի Հայաստանի Հետ, Նայեցէք՝ Ինչ Տեղի Կ՝ունենայ Արցախի Հետ․ Արման Թաթոյեան

Հայաստան

ՀՀ մարդու իրաւունքներու նախկին  պաշտպան Արման Թաթոյեան գրած է․

«Երէկ ասուլիսին ըսուեցաւ այն, ինչը անցեալ տարի այս նոյն ժամանակ նոյն ձեւակերպումներով սկսաւ խօսիլ ազրպէյճանի ԱԳՆ-ն: Նոյնիսկ ազրպէյճանը այդ ժամանակ (մեզի համար, ի հարկէ, բացարձակ անընդունելի) նշած էր, որ Տաւուշի 7 գիւղեր ու Տիգրանաշէնը «պիտի վերադարձուին ազրպէյճանի կազմ՝ սահմանագծման գործընթացով»:

Այսինքն՝ ազրպէյճանը անգամ կը խօսէր սահմանններու որոշման գործընթացին մասին, իսկ երէկ ասուլիսին արդէն յայտարարուեցաւ առանց սահմանագծման «այս գլուխէն» կայացուած որոշում, թէ գիւղերը «ազրպէյճանինն են»:

Ասիկա պիտի բերէ կործանարար վտանգներ մեր երկրի, մեզմէ իւրաքանչիւրի համար. Պիտի ըլլան իրաւունքներու զանգուածային խախտումներ, ալ աւելի պիտի խաթարուի մեր ֆիզիքական անվտանգութիւնն ու հոգեկան անդորրը, կապը արտաքին աշխարհին հետ, Տաւուշի, Վայոց Ձորի եւ Սիւնիքի ճանապարհներու անվտանգութիւնն ու համայնքներու միջեւ կապը, առաջ պիտի գան նոր ներքին տեղահանուածներ եւ այլն:

Տաւուշի նշուող գիւղերն ու Տիգրանաշէնը եղած են Խորհրդային Հայաստանի անբաժան մասը: Անոնք պատմական հայկական հողեր են (ասիկա հաստատող փաստերը հիմնաւոր են):

«Անկլաւային» մեքենական տրամաբանութիւնը պատմութեան կործանարար էջերէն դասեր չքաղելու հետեւանք է, որ անթուլատրելի, դատապարտելի կերպով 2020թ. 44-օրեայ պատերազմէն ետք սկսան առաջ տանիլ Հայաստանի շարք մը բարձրաստիճան պաշտօնեաներ` անպատասխանատու, անօրինական յայտարարութիւններով:

Եթէ չէք պատկերացներ, թէ ինչ պիտի կատարուի Հայաստանի հետ, նայեցէք՝ ինչ տեղի կ՝ունենայ Արցախի հետ՝ ողբերգական հետեւանքներով: Ասիկա միասնական շղթայ է, ազրպէյճանական քաղաքանութիւնն ալ նոյնն է թէ՛ Արցախի, թէ՛ Հայաստանի նկատմամբ»: