Մայր Աթոռ Ս․ Էջմիածինը Զօրակցութիւն Կը Յայտնէ Զոհուած Զինուորներու Ծնողներուն եւ Ընտանիքներուն․ Յայտարարութիւն
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը իր խոր մտահոգութիւնը կ՝արտայայտէ վարչապետի որդիին ենթադրեալ առեւանգման մեղադրանքով որդեկորոյս ծնող Գայիանէ Յակոբեանի նկատմամբ կալանք կիրառելու առնչութեամբ։
Հասարակութեան մէջ խռովութիւններ ու յուզումներ յառաջացնող նման ընթացքները ազգային անվտանգութեան ներկայ սպառնալիքներու պայմաններուն մէջ ծանր հարուած են հայրենիքի պաշտպանութեան լծուած մեր զաւակներու ոգիի զօրութեան ու նուիրումին եւ կրնան յանգեցնել նոր պառակտումներու ազգային կեանքին մէջ:
Կը յորդորենք իշխանութեան պատկան մարմիններուն, առաւելագոյնս հաշուի առնելով զոհուած զինուորի ծնողի պարագան, երկրին մէջ առկայ մտահոգութիւնները եւ զգայունութիւնները, քրէական գործի քննութիւնը իրականացնելու ամենայն անաչառութեամբ, առանց տիկին Գայիանէ Յակոբեանի մեկուսացման։
Կ՝աղօթենք մեր հայրենիքի խաղաղութեան, մեր պետութեան անվտանգութեան համար։ Կ՝աղօթենք նաեւ նահատակուած մեր բոլոր զաւակներու հոգիներու հանգստութեան համար եւ մեր զօրակցութիւնը կը բերենք զոհուած զինուորներու ծնողներուն եւ ընտանիքներուն:
