
Հայոց Ցեղասպանութեան 108-Ամեակին Առիթով Լիբանանցի Քաղաքական Անձնաւորութիւններուն Կատարած Գրառումները (2)
«ԱԶԴԱԿ»
Երեսփոխան Ֆարիտ Հայքալ Խազեն կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Հայոց ցեղասպանութեան 108-ամեակին առիթով կը հաստատենք, որ 24 ապրիլը յիշատակի օր չէ, այլ` գոյատեւման եւ մինչեւ մահ իր հողերուն ու ինքնութեան պաշտպան ժողովուրդի մը պատմութիւնը: Եւ ինչպէս հայ ժողովուրդը կրցաւ դուրս գալ մոխիրներուն ընդերքին մէջ գտնուող իր ցաւէն ու տառապանքէն, վստահ ենք, որ Լիբանան եւս դուրս պիտի գայ, եւ լիբանանցին պիտի վերագտնէ ապրելու բարիքը»:
Նախկին նախարար Նաժի Պուսթանի Հայոց ցեղասպանութեան 108-ամեակին առիթով զօրակցութիւն յայտնեց հայ ժողովուրդին: Ան գրեց հետեւեալը. «Մարդկային խիղճին ու էութեան մէջ դրոշմուած Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի օրուան առիթով, զօրակցութիւն կը յայտնենք Լիբանանի մեր հայ եղբայրներուն, ինչպէս նաեւ սփիւռքի տարածքին եւ Հայաստանի մէջ գտնուող հայ ժողովուրդին»:
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ պատմութեան ընթացքին արձանագրուած ամէնէն ցաւալի եւ բիրտ փուլերէն մէկը նկատուող Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակին առիթով կ՛ողջունենք հայ ժողովուրդի նահատակներուն յիշատակն ու անոնց զոհողութիւնները:
«Նկատի ունենալով, որ ժամանակը կ՛անցնի, կը շեշտենք այդ յանցանքը ընդունելու յանդգնութեան կարեւորութիւնը` հաշտութիւն կնքելու քաջութեան հետ զուգահեռ, որպէսզի կարելի ըլլայ փակել արիւնահեղութեան էջերը: Այս իրականութիւնը կ՛ենթադրէ բոլորին պատասխանատուութիւնը եւ նախաձեռնութիւնը` պատմութենէն դասեր քաղելու:
Իսկ եթէ անդրադառնանք ներկայ իրադարձութիւններուն, ապա Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ տիրող լարուածութիւնը, կ՛ենթադրէ հեռատես ըլլալ այդ տագնապին հետեւանքներուն գծով եւ յանձնառու մնալ ստորագրուած համաձայնագիրներուն ու բանակցութիւններուն, մինչեւ որ կարելի ըլլայ այդ տագնապին խաղաղ լուծման յանգիլ, որովհետեւ տագնապին խաղաղ լուծման դժուարութիւնները նուազ սուղ են, քան` թափուելիք արիւնն ու պատերազմը»:
Նախկին նախարար Ռիշար Գույումճեան կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Այսօր կ՛աղօթենք մէկուկէս միլիոն նահատակներու յիշատակին: Կը յիշենք մեր ընտանիքներուն եւ նախահայրերուն ցաւերը: Անոնց տառապանքն ու զոհողութիւնները մեր հողին եւ գոյութեան աղն են: Իրաւունքը կը մնայ իրաւունք` նոյնիսկ եթէ 108 տարիներ անցած են»:
Միւս կողմէ, Գույումճեան հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանի եւ Հայաստանի միջեւ կայ մէկ դատ, որ նոյն դատն է` գոյութենական, ազատութեան եւ հաւատքի դատը:
Ան անդրադարձաւ Օսմանեան կայսրութեան կողմէ հայոց դէմ գործուած Ցեղասպանութեան, ինչպէս նաեւ նոյն դահիճին կողմէ Լեռնալիբանանի բնակչութիւնը սովի ենթարկելուն, որ այլ տեսակի ցեղասպանութիւն մըն է:
Գույումճեան հաստատեց, որ հայ ժողովուրդն ու լիբանանցիները պիտի չմխիթարուին, մինչեւ որ Թուրքիա ճանչնայ Ցեղասպանութիւնը եւ ընդունի, որ անիկա գործուած է իր նախահայրերուն կողմէ, ինչպէս նաեւ հատուցումներ կատարէ:
Ռ. Գույումճեան հաստատեց, որ հայ ժողովուրդը կը նկատուի Լիբանանը բաղկացնող հիւսուածքին հիմնական մասը` հաստատելով, որ հայերը Լիբանանի մէջ լիիրաւ քաղաքացիներ են:
Նախկին նախարար Միշել Ֆարաոն իր կարգին կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Այսօր` ինչպէս ամէն տարի, կը յիշենք Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ նեցուկ կը կանգնինք մեզի բարեկամ հայ ժողովուրդին»:
Նախկին երեսփոխան Ամալ Ապու Զէյտ թուիթըրեան իր հաշիւով տեղադրեց Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրէն լուսանկար մը, որուն վրայ տեղադրեց հետեւեալ գրառումը. «Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակին առիթով կոչ կ՛ուղղենք յիշելու այն բոլոր ցաւերը, տառապանքն ու հալածանքը, որոնց ենթարկուեցաւ հայ ժողովուրդը, աւելի քան 100 տարի առաջ: Այսօր կ՛ողջունենք անոնց պայքարը` իրականացնելու համար արդարութիւնը, ճշմարտութիւնը, ինչպէս նաեւ ճանաչում ապահովելու համար Ցեղասպանութեան` բոլոր նահատակներուն իրաւունքները վերադարձնելու նպատակով»:
Նախկին երեսփոխան Մըսպահ Ահտապ Հայոց ցեղասպանութեան 108-ամեակին առիթով կատարեց հետեւեալ գրառումը. «24 ապրիլի այս օրուան ընթացքին բոլոր մտածումներս ու աղօթքներս կ՛ուղղուին նահատակներուն եւ աշխարհի տարածքին ապրող հայ համայնքներուն»:
Նախկին երեսփոխան Շամել Ռուքոզ թուիթըրեան գրառումով մը անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան 108-ամեակին. «24 ապրիլը կը մնայ թուական մը, որ տարիներու ընթացքին կարելի չէ ջնջել, ինչպէս նաեւ կը մնայ մարդկային ճիչ մը, որ կը պահանջէ արդարութիւնը` ոճիրին եւ վայրագութեան դիմաց»:
Նախկին երեսփոխան Մաժետ Էտի Ապի Լամաա կատարեց թուիթըրեան իր գրառումը. «Չի մեռնիր այն դատը, որուն ետին կը կանգնի պայքարող եւ կենդանի ժողովուրդ մը: Հայոց ցեղասպանութիւնն ու Սէյֆոյի ջարդերը կը ներկայացնեն այն ժողովուրդներուն դատերը, որոնք փորագրուած են մարդկութեան խիղճերուն մէջ»:
Նախկին երեսփոխան Իմատ Ուաքիմ կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Հայոց ցեղասպանութիւնը չենք մոռնար, եւ որովհետեւ դիմադրողներ ենք` գիտենք նահատակութեան իմաստը»:
Քաղաքական գործիչ Ֆուատ Ապու Նատեր տեղադրած էր հայկական եւ լիբանանեան դրօշներու միախառնումը խորհրդանշող լուսանկար մը եւ անոր կցած հետեւեալ գրառումը. «Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան մօտ կայ 1916 թուականի արխիւային նիւթ մը, որ կը պարունակէ օրին Օսմանեան կայսրութեան պատերազմի նախարար Էնվեր փաշայի հրահանգը, որուն մէջ ան կ՛ըսէ. «Օսմանեան կայսրութիւնը պէտք է մաքրել հայերէն եւ Լեռնալիբանանի քրիստոնեաներէն: Հայերը սպաննեցինք սուրով եւ լիբանանցիները պիտի սպաննենք սովով»:
Իրաւաբան Ուատիհ Աքըլ տեղադրեց Սողոմոն Թեհլիրեանի եւ «Նեմեսիս» գործողութեան մասին գիրքի մը հետ իր լուսանկարը եւ կատարեց հետեւեալ գրառումը. «1915-ի ապրիլին Էնվեր փաշան Ճեմալ փաշային յայտնեց, թէ օսմանեան կառավարութիւնը իր ազատութիւնն ու պատիւը պիտի չվերականգնէ, բացի երբ ան մաքրագործուի հայերէն ու լիբանանցիներէն: Առաջինը մաքրագործեցինք սուրով, իսկ երկրորդը պիտի մաքրագործենք սովով: Ահաւասիկ հատուած մը` տարբեր ժողովուրդներու եւ քաղաքակրթութիւններու դէմ գործուած օսմանեան ջարդերէն: Դիմադրեցինք եւ գոյատեւեցինք սուրբ հողին վրայ: Իսկ արդարութիւնը ունի իր հերոսները` «Նեմեսիս» գործողութիւն»:
Պաշիր Ժեմայէլի անուան ակադեմիայի դիմատետրեան էջին վրայ տեղադրուեցաւ Ծիծեռնակաբերդի լուսանկար մը, որուն կցուեցաւ հետեւեալ գրառումը. «Որպէսզի գործուած ահաւոր դէպքերը չկորսուին պատմութեան մէջ, որպէսզի սպանդները տարբեր ձեւերով չկրկնուին եւ որպէսզի ճշմարտութիւնը մնայ փայլուն ու յստակ, ապա պէտք է շարունակենք յիշել` զգաստ մնալու համար եւ անդրադառնալու ամէն տեսակի ատելութեան ունեցած քանդիչ ազդեցութեան, ինչպէս նաեւ սորվելու անցեալէն»:
Հայոց ցեղասպանութեան առիթով, Մարոնի խորհուրդը հայերուն եւ ասորիներուն զօրակցութիւն յայտնեց` հաստատելով, որ 1915-1918 տիրած սովը ազգային յիշողութիւն է:
Մարոնի խորհուրդը զօրակցութիւն յայտնեց հայ եւ ասորի եղբայրներուն` Ցեղասպանութեան եւ Սէյֆոյի ջարդերու յիշատակին առիթով:
Լիբանանցի լրագրող Էտմոն Սեսին կատարեց թուիթըրեան հետեւեալ գրառումը. «Հայոց ցեղասպանութեան 108-ամեակ: Աւելի քան մէկ դար, եւ տակաւին իր հողին ու իրաւունքին կառչած հայ ժողովուրդին Դատը կը մնայ վառ: Ժողովուրդ մը, որուն սերունդները կը ժառանգեն Ցեղասպանութեան, սպանդներու եւ տարագրութեան ցաւերը` պահպանելու համար արդարութեան հասնելու եւ իրաւունքներու յոյսը, նոյնիսկ որոշ ժամանակէ մը ետք: Բիւր յարգա՛նք Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն եւ պայքարը շարունակող ժողովուրդին»:
Լիբանանցի լրագրող Կապրիէլ Մըրատ կը գրէ, թէ Ապրիլ 24-ը ժողովուրդի մը ցեղասպանութեան եւ գոյատեւումի թուականն է:
«108 տարիներէ ի վեր հայ ժողովուրդը կառչած կը մնայ իր դատին, անոր մէջ փչելով կեանքի ոգին: Կը յիշէ եւ կը պահանջէ իր իրաւունքները, հողերն ու նախահայրերուն կտակը:
Լիբանանահայերը աշխարհի մէջ ապրող բոլոր հայերուն նման կ՛ոգեկոչեն 24 ապրիլին զուգադիպող Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակը, որ գործուեցաւ Օսմանեան կայսրութեան կողմէ, որ նաեւ ոճիրներ գործեց ասորիներուն եւ քաղդէացիներուն դէմ, ինչպէս նաեւ Լեռնալիբանանի մէջ:
Այդ բոլոր ոճիրները, սովի ենթարկելը, Սեֆեր պերլիքը եւ բոլոր չարիքները գործադրուեցան, մահացողը մահացաւ, տառապողը տառապեցաւ, սակայն չկայ իրաւունք, որ կը մեռնի, երբ անոր ետին կան պահանջատէրներ:
Այսօր Լիբանանի մէջ ապրող իւրաքանչիւր լիբանանահայ թոռն է Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրած ընտանիքի մը:
Ցեղասպանութիւնը կազմակերպուած է եւ գործադրուած բնաջնջելու համար հայ ժողովուրդը, սակայն ամէն տարի այս օրուան ընթացքին հայ ժողովուրդը յարութիւն կ՛առնէ: Միլիոնաւոր հայերու Ցեղասպանութիւնը թիրախ դարձուց ժողովուրդն ու կառոյցները` քանդելով աւելի քան երկու հազար եկեղեցիներ, աւելի քան չորս հարիւր վանքեր, սակայն չկրցաւ սպաննել դիմադրութեան ոգին:
Այս է իրականութիւնը հայ ժողովուրդին, որ մանկական հեքիաթները փոխարինեց տառապանքի եւ գոյապայքարի պատմութիւններով, այսպիսով` Հայ դատի դրօշը կը փոխանցուի սերունդէ սերունդ, եւ Հայ դատն ու պահանջատիրութիւնը կը մնան վառ, ոչ միայն պատմութեան գիրքերուն մէջ, այլ նաեւ` հայոց լեզուին, որ չէ մեռած, արհեստներուն, որոնք կը շարունակեն գոյատեւել, հայկական խոհանոցին, որ կը շարունակէ պատրաստել աւանդական հայկական ճաշերը:
Այս բոլորը ցոյց կու տան, թէ հայ ժողովուրդը կենսունակ եւ ապրող ժողովուրդ է, որ պահանջատիրական իր երթը կը շարունակէ` հաւատարիմ մնալով իր դատին:
Ան ամբողջ աշխարհի յարգանքին արժանացած է, որովհետեւ կենսուրախ ժողովուրդ է եւ իր ճակտի քրտինքով է, որ կը շահի իր հանապազօրեայ հացը:
Աւելի՛ն. հայ ժողովուրդը կը փաստէ, թէ կեանքով յաղթած է մահուան, յոյսով` յուսալքումին եւ ճշմարտութեամբ` զրպարտութեան:
Հետեւաբար ան կը յիշէ եւ կը պահանջէ ճանաչումը, ճշմարտութիւնն ու հատուցումը:
«Լը Շարքութիէ» հանրախանութը ընկերային ցանցերու իր բոլոր էջերուն վրայ տեղադրեց արեան հետքեր կրող Եռագոյնի եւ Անմոռուկի լուսանկար մը, որոնց կողքին տեղադրեց արաբերէնով եւ անգլերէնով գրութիւններ: Անոնք կ՛ըսէին. «Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակին առիթով` կը յիշենք եւ կը պահանջենք. 1915-2023»: