
Հաւաք՝ Նիւ Եորքի «Թայմզ» Հրապարակին Շուրջ
«ՀԱՅՐԵՆԻՔ»
Կիրակի, Ապրիլ 23-ին, Նիւ Եորքի «Թայմզ» հրապարակին մէջ, տեղի ունեցաւ հանրահաւաք, նշելու համար Հայոց Ցեղասպանութեան 108-ամեակը: Աւելի քան հազար ներկաներ մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին անմեղ զոհերու յիշատակը։
Հանդիսավարի պաշտօն ստանձնած էին Արմէն ՄըքՕմպըր, Տիրան Ճէպէճեան եւ Շանթէլ Նասրի։ Իսկ ՊրայըՆ Արտունի կը կատարէր հաղորդավարի պարտականութիւնը։
Խօսք առնողներու շարքին էին ծերակուտականներ՝ Չաք Շումըր (Դեմոկրատական, Նիւ Եորք) եւ Ռապըրթ Մենենտէս (Դեմոկրատական, Նիւ Ճըրզի)։
Շումըր յիշեց մէկ ու կէս միլիոն հայորդիներու շարքը եւ գոհունակութիւն յայտնեց, որ Սպիտակ Տունը, ի վերջոյ ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ «Սակայն այս մէկը բաւարար չէ։ Այժմ գեր-մտահոգիչ է կացութիւնը Արցախի մէջ։ Կոչ կ՛ուղղեմ Ատրպէյճանի, որ շուտով բանայ Արցախ մուտքի եւ ելքի ճամբան։ Շրջափակումը կը նշանակէ, որ միայն շատ փոքր քանակով պարէն կամ դեղորայք կարելի է հասցնել Արցախ, ինչ որ կը նշանակէ պարէնի եւ կեանքի համար անհրաժեշտ դեղորայքի պակաս Արցախի մէջ: Որոշումը պարտադիր է, ինչ որ կը նշանակէ, որ Ատրպէյճանը պարտաւոր է բանալ միջանցքը ազատ տեղաշարժի համար: Մենք կը բախինք մարդասիրական ճգնաժամի, որ կրնայ վերածուիլ մարդասիրական աղէտի: Այդ շրջափակումը անօրինական է: Արդարադատութեան միջազգային դատարանը քանի մը շաբաթ առաջ տուած է որոշում, որով Ատրպէյճանին կը պարտադրէ ապահովել ազատ եւ անվտանգ տեղաշարժը միջանցքով», ըսաւ Շումըր:
Մենենտէս, իր կարգին արծարծեց Արցախի հարցը։ «Մենք կը մերժենք բոլոր այն քայլերը, որոնցմով Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը կրնար ցեղասպանութեան մերժման հարցին հետ առնչութիւն ունենալ։ Իսկ այսօր, Արցախի պաշարման գծով, ժամանակ կը վատնուի։ 120․000 անմեղ բնակչութիւն մը չորրորդ ամիսն է, որ զրկուած են իր հիմնական իրաւունքներէն շրջափակման պատճառով,։ Նոյնիսկ արդարադատութեան միջազգային դատարանը Պաքուին հրամայած է դադրեցնել այս կրաւորական ընթացքը, սակայն ցարդ որ մէկ արդիւնք»։
Քոլոմպիա համալսարանի մարդկային իրաւունքներու պաշտպան Տէյվիտ Ֆիլիփս յատուկ յուշանուէր մը ստացաւ «Վարդանանց Ասպետներ»-ու կողմէ։ Ան իր խօսքին մէջ, նշեց թէ Ատրպէյճան հետեւողական ձեւով կը ճնշէ Արցախի անմեղ բնակչութեան վրայ։ «Այնպիսի կացութիւն մը ստեղծուած է, որ ամէնէն աւելի տարրական կարիքներէն զրկուած է արցախցին եւ այս մէկը դիտմամբ կը կատարուի, որպէսզի դատարկուի շրջանը»։
Յիշատակելի էր մեքսիքացի քաղաքագէտ Ալեխանտրա տել Քարմէն Լէոն Կասթելում, որ հիւրաբար ժամանած էր եւ սպաներէն լեզուով տպաւորիչ խօսքեր արտայայտեց։ «Մեր պարտականութիւնն է յիշել Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ Պէտք չէ վհատիլ եւ տեղի տալ։ Այս օրը բոլոր տառապող ժողովուրդներու օրն է։ Պէտք չէ կրկնուի նմանօրինակ ահաւոր ցեղասպանութիւն», ըսաւ ան։ Թարգմանութիւնը կատարեց դոկտ․ Վարդան Մատթեոսեան։
Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեան իր կարգին բեմահարթակ բարձրանալով, ըսաւ թէ արցախահայութիւնը, թէեւ վիրաւոր է, սակայն իր վէրքերը դարմանելու, հայկական դիմագիծը պահպանելու, իր հանրապետութիւնը լիովին վերականգնելու եւ ամէն գնով Ատրպէյճանի ենթակայութեան տակ մնալը բացառելու գործին լծուած է:
«Ամէն գնով պարտինք համախմբել Արցախի բոլոր ուժերը, որպէսզի Արցախի Հանրապետութեան վճռակամութիւնը պահպանուի եւ Արցախը շուտով վերագտնէ իր նախկին աշխուժութիւնն ու սահմանները», եզրակացուց ան։
Գեղարուեստական յայտագրով ելոյթ ունեցաւ «Յոյսեր» համոյթը։
Աւարտին Արեւելեան Ա․Մ․Ն․ -ի առաջնորդներ՝ Անուշաւան Արք․ Դանիէլեան, Մեսրոպ Արք․ Պարսամեան, շրջանի Աւետարանական եւ Կաթողիկէ հովիւներ՝ Արամ Պաշեան եւ Ռիչըրտ Շաքիլ կատարեցին փակման աղօթք։