Գեղարքունիքի Մարզի Վարդենիս Պամայնքի Հատուածին ազրպէյճանական Յանցաւոր Կրակոցները ՀՀ Ներխուժած Դիրքերէն են. Թաթոյեան

Աշխարհ, Հայաստան

ՀՀ Սիւնիքի մարզի Տեղ համայնքի հատուածին վրայ ազրպէյճանական այսօրուան կրակոցները, նաեւ՝ ականանետային միջոցներէ, որոնց հետեւանքով ունինք զոհուած ու վիրաւոր զինծառայողներ, ազրպէյճանական այն դիրքերէն են, որոնք ապօրինաբար տեղակայուած էին վերջերս: Գեղարքունիքի մարզի Վարդենիս համայնքի հատուածին վրայ ազրպէյճանական յանցաւոր կրակոցները ՀՀ ներխուժած դիրքերէն են. այստեղ նաեւ դադրեցուած է Սոթքի հանքավայրին աշխատանքը, իսկ անձնակազմը՝ տարհանուած: Այս մասին Telegram-ի վրայ գրած է նախկին ՀՀ ՄԻՊ Արման Թաթոյեան։

«Ասիկա ազրպէյճանական իշխանութիւններուն յստակ քաղաքականութիւնն է. ապօրինաբար կը տեղակայուին ՀՀ տարածքներուն վրայ կամ հայկական քաղաքացիական բնակավայրերու հարեւանութեամբ ու ճանապարհներուն վրայ, իսկ յետոյ յանցանքեր կը գործեն խաղաղ բնակիչներու եւ զինծառայողներու նկատմամբ (կրակոցներ, գողութիւններ եւ այլն), մարդիկ չեն կրնար վաստակիլ ընտանիքի եկամուտը: Մեր թէ՛ Զինուած ուժերու, թէ՛ Սահմանապահ զօրքերու, թէ´ Ոստիկանութեան ծառայողները խաղաղ բնակչութիւնը կը պաշտպանեն ազրպէյճանական յանցաւոր արարքներէն։

ազրպէյճանական զինուած ծառայողներու ապօրինի ներկայութիւնը ինքնին մարդոց կեանքի իրաւունքի խախտում է ու անվտանգութեան խաթարում` ազրպէյճանական իշխանութեան հայատեաց քաղաքականութեան ու յանցաւոր անպատժելիութեան պայմաններու մէջ:

Բոլոր հիմքերը կան ու կը շարունակեն պահպանուիլ, որ ազրպէյճանական զինուած ծառայողները պէտք է հեռացնել եւ քաղաքացիական բնակչութեան պաշտպանութեան համար ստեղծել անվտանգութեան գօտի:

Մենք կ՝իրականացնենք փաստերու հաւաքագրում, վերլուծութիւն եւ ամփոփում անհրաժեշտ գործընթացներուն համար կ՝ամրագրենք հաւաստի ապացոյցներ՝ միջազգային կառոյցներուն ներկայացնելու նպատակով»,- գրած է Թսթոյեան: