ազրպէյճանը Կրակած է Տեղ Համայնքի Ուղղութեամբ․ Կան Զոհեր եւ Վիրաւորներ

Աշխարհ, Հայաստան

Ապրիլ 11-ին, ժամը 16:00-ի սահմաններուն, ազրպէյճանի ԶՈւ ստորաբաժանումները  կրակած են Տեղ համայնքի հատուածին վրայ ճարտարագիտական աշխատանքներ իրականացնող  ՀՀ ԶՈւ զինծառայողներուն ուղղութեամբ: Հայկական կողմը դիմած է պատասխան գործողութիւններու:
Այս մասին կը յայտնէ ՀՀ ՊՆ-ն։

Նախնական տուեալներով հայկական կողմը ունի զոհեր եւ վիրաւորներ:

19:00-ի դրութեամբ փոխհրաձգութիւնը էականօրէն նուազած է: Վարդենիսի ուղղութեամբ այս պահին գնդակոծութեան մասին լուրերը չեն համապատասխաներ իրականութեան, յիշեալ ուղղութեամբ այս պահի դրութեամբ յարաբերականօրէն կայուն է:

ազրպէյճանական լրատուամիջոցներով տարածուող այն տեղեկութիւնները, թէ իբր հայկական կողմը կը կիրառէ իրանական անօդաչու թռչող սարքեր, չի համապատասխաներ իրականութեան. ՀՀ ԶՈւ սպառազինութեան մէջ իրանական անօդաչու թռչող սարքեր չկան:

ՀՀ ՊՆ