
ՔՈԱՖ-ը Դրամահաւաք Կը Կազմակերպէ՝ Արցախի Երեխաներուն Աջակցելու Նպատակով
«Հայաստանի մանուկներ» բարեգործական հիմնադրամը (ՔՈԱՖ) մեկնարկած է յատուկ դրամահաւաք, այս դժուարին ժամանակահատուածին աջակցելու համար Արցախի մէջ արգելափակման մէջ գտնուող երեխաներուն եւ անոնց ընտանիքներուն։ Հակառակ Արցախի ամբողջական շրջափակման, ՔՈԱՖ-ը կը մնայ հաւատարիմ իր առաքելութեան եւ կը շարունակէ մատուցել կենսական կարեւորութիւն ունեցող ծառայութիւններ, ինչպէս՝ հոգեբանական աջակցութիւն, թերախօսութեան, վաղ տարիքի կրթութեան եւ ընկերային աշխատանքի։ Կազմակերպութեան աշխատանքները Ստեփանակերտի մէջ մեկնարկած են 2022 թուականէն՝ 3-6 տարեկան երեխաներուն տրամադրելով նախադպրոցական կրթութիւն եւ թերախօսութեան ծառայութիւններ, իսկ միւս խումբերուն՝ հոգեբանական եւ ընկերային ծառայութիւններ, որոնք կ՝օգնեն տեղացիներուն յաղթահարել տարածաշրջանին մէջ տիրող ճգնաժամը։ Իրավիճակի օրէ օր վատթարացումը խիստ անբարենպաստ կ՝ազդէ երեխաներուն վրայ՝ անոնց մօտ յառաջացնելով ճնշախտ, անքնութիւն, մղձաւանջներ եւ ինքնարտայայտուելու դժուարութիւններ։
ՔՈԱՖ-ի 9 նուիրեալ կիներէ բաղկացած ստեփանակերտեան խումբը հնարաւորինս կը փորձէ մեղմել վերջին պատերազմի կործանարար ազդեցութիւնը երեխաներու բարօրութեան վրայ։ ՔՈԱՖ-ի հոգեբանական աջակցութեան ծրագրերը նպատակ ունին օգնելու երեխաներուն յաղթահարելու հոգեբանական խնդիրներն ու մարտահրաւէրները։ Կրթական ծրագրերու բոլոր մասնագէտները հոգեբաններ են, որոնք կ՝ապահովեն լաւագոյն խնամքը եւ աջակցութիւնը մեր երեխաներուն։
Արցախի մէջ իրավիճակը կը շարունակէ վատթարանալ, այդ իսկ պատճառով ՔՈԱՖ-ի գարնանային դրամահաւաքը նպատակ ունի յոյս արթնցնելու արցախցի մանուկներուն եւ անոնց ընտանիքներուն համար եւ ապահովելու մեր համապարփակ ծառայութիւններուն անխափան մատուցումը։ Նուիրաբերելով ՔՈԱՖ-ին, աջակիցները կրնան միանալ մեր շարժման եւ երկարաժամկէտ ներդրում կատարել արցախեան համայնքներու կայունութեան մէջ։ Այսպէս, մենք կրնանք ցոյց տալ, որ այս համայնքները մոռցուած չեն եւ մեծապէս դրական ազդեցութիւն ունենալ այնտեղի բնակիչներու կեանքին վրայ։ Ցանկացողները կրնան միանալ դրամահաւաքին հետեւալ յղումով՝ https://bit.ly/3UbteNi
«Հայաստանի մանուկներ» բարեգործական հիմնադրամին մասին
«Հայաստանի մանուկներ» բարեգործական հիմնադրամը (COAF) շահոյթ չհետապնդող, ոչ կառավարական կազմակերպութիւն է, որուն նպատակն է բարձրացնել Հայաստանի գիւղական բնակչութեան կեանքի որակը՝ կեդրոնանալով մասնաւորապէս երեխաներուն եւ երիտասարդներուն վերաբերող ծրագրերուն եւ կարիքներուն վրայ: COAF-ի զարգացման թիրախային ոլորտներն են կրթութիւնը, առողջապահութիւնը, ինչպէս նաեւ ընկերային եւ տնտեսական զարգացումը: COAF-ը մեկնարկած է իր ծրագրերը 2004թ.-ին՝ սկսելով մէկ գիւղէ՝ ընդլայնուելով ողջ երկրի տարածքով՝ աւելի քան 60 գիւղերու ու համայնքներու մէջ՝ ներդնելով աւելի քան 70 միլիոն ԱՄՆ տոլար՝ 100,000-էն աւել գիւղաբնակ շահառուներու համար: