Արցախեան Շարժման 35-ամեակին Նուիրուած Ազգային Նուագարաններու Պետական Նուագախումբի եւ «Մենք Ենք, Մեր Սարերը» Երգի-պարի Պետական Խումբի Համերգը Ստեփանակերտի Մէջ
Ստեփանակերտի Մշակոյթի եւ երիտասարդութեան պալատին մէջ, Մարտ 31-ին, Արցախի ազգային նուագարաններու պետական նուագախումբն ու «Մենք ենք, մեր սարերը» երգի-պարի պետական խումբը հանդէս եկած են համատեղ համերգով՝ նուիրուած Արցախեան շարժման 35-ամեակին: Այս մասին կը հաղորդէ Artsakhpress.am-ը։
Համերգը կազմակերպուած է Արցախի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան աջակցութեամբ:

Ներկաները յարգանքի տուրք մատուցած են Արցախի պաշտպանութեան ու պահպանութեան համար բոլոր պատերազմներուն մէջ մարտիրոսուած տղաներու յիշատակին։





