Տեղ-Կոռնիձորէն Բանակի Յետքաշումը Հայաստանի Համար Կործանարար է․ Ալվինա Աղաբաբեան
ՄԵԶ ԿԸ ՄԵՐԿԱՑՆԵՆ
Այն պայմաններուն մէջ, երբ ազրպէյճանը՝
*44-օրեայ պատերազմէն ետք՝ այս 2․5 տարիներուն ընթացքին՝ ներխուժելով ՀՀ տարածք՝ գրաւած է Սիւնիքի զգալի տարածքներ,
*ամէնօրեայ եղանակով կը սպառնայ ՀՀ-ին նոր պատերազմով եւ զօրքեր կը կուտակէ սահմանագիծի երկայնքով,
երբ ՀՀ իշխանութիւները իրենք կը խօսին պատերազմի վերսկսման մեծ վտանգին ու հաւանականութեան մասին,
նոյն իշխանութիւնները, ինչպէս քիչ առաջ կառավարութեան նիստի ժամանակ յայտարարեց վարչապետը, որոշած են ՀԱՆԵԼ ԲԱՆԱԿԸ Սիւնիքի Տեղ, Կոռնիձոր գիւղերու հատուածէն եւ անոնց տեղը կանգնեցնել ԱԱԾ սահմանապահներ։ Թէ Սիւնիքի ալ որ հատուածներէն պիտի հանուին մեր զօրքերն ու կանգնեցուին սահմանապահներ, յայտնի չէ։
Այս քայլը անչափ վտանգաւոր է ու կործանարար Հայաստանի համար։
Ասիկա կանաչ լոյս է ազրպէյճանի համար՝ դիմելու նոր ռազմական գործողութիւններու եւ ՀՀ տարածքներու գրաւման։
Մենք տեսած ենք սահմանապահներու գործողութիւնները 44-օրեայի ժամանակ, ու թէ ինչպէս ժամերու եւ օրերու ընթացքին թշնամիին անցան Հադրութի ու Քաշաթաղի հարաւային հատուածները։ Այս քայլով անգամներ կը մեծնան ՀՀ տարածքին, այս պարագային՝ Սիւնիքի մէջ նոյն սենարի կրկնման վտանգը։
Մինչեւ ատամները զինուած թշնամիին դէմ մերկ որ կանգնիս, քեզ կը հոշոտէ։ Իսկ մեզ կը մերկացնեն․․․
Ալվինա Աղաբաբեան
Ռազմավարական հետազօտութիւններու հայկական կեդրոնի ղեկավար
