ՀՀ ԱԺ Պատգամաւոր Արթուր Խաչատրեանը Արժանթինի եւ Ուրուկուէյի Մէջ Ներկայացուցած է Արցախի Մէջ Ստեղծուած Իրավիճակը

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

ՀՅԴ Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին հրաւէրով եւ Մարդու իրաւունքներու համաշխարհային երրորդ համաժողովի աշխատանքներուն մասնակցելու նպատակով՝ ՀՅԴ անդամ, Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արթուր Խաչատրեանը Մարտ 20-24 այցելած է Արժանթինի Հանրապետութիւն եւ Ուրուկուէյի Արեւելեան Հանրապետութիւն։

Պատգամաւորը Մարդու իրաւունքներու համաշխարհային համաժողովին ծիրէն ներս կազմակերպուած «Խաղաղութեան գործընթացները Լատինական Ամերիկայի եւ աշխարհի մէջ» քննարկման ժամանակ ներկայացուցած է Արցախեան հակամարտութեան ծագման պատմութիւնը, զարգացումը, Արցախի Հանրապետութեան մէջ եւ Հայաստանի սահմաններուն վրայ 2020 թուականի 44-օրեայ պատերազմէն ետք եւ 2021-22 թուականներուն Հայաստանի դէմ սանձազերծուած յարձակման հետեւանքով ստեղծուած կացութիւնը եւ հակամարտութեան կարգաւորման ուղիները։ Ան նաեւ պատասխանած է քննարկման մասնակիցներու հարցերուն։ Համաժողովին քննարկուած միւս խաղաղութեան գործընթացները վերաբերած են Ֆոլգլէնտեան (Մալվինեան) կղզիներուն շուրջ բրիտանա-արժանթինական հակամարտութեան եւ Գոլումպիոյ մէջ տասնամեակներ տեւած քաղաքացիական պատերազմին։

Արթուր Խաչատրեան Արժանթինի մէջ հանդիպում ունեցած է երկրի Սոցիալիստական կուսակցութեան նախագահ, խորհրդարանի պատգամաւոր Մոնիքա Ֆայնի եւ «Արմատական քաղաքացիական միութիւն» կուսակցութեան նեկայացուցիչ, խորհրդարանի պատգամաւոր Խուան Մարթին Մուսագիոյի հետ։ Արժանթինացի պատգամաւորներուն ներկայացուած են Արցախեան հակամարտութեան կարգաւորման սկզբունքներն ու մօտեցումները։ Պատգամաւորը կարեւոր համարած է ազրպէյճանի վրայ միջազգային ճնշման անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի ազրպէյճանը՝ 1) անմիջապէս եւ անվերապահօրէն բանայ Քաշաթաղի (Լաչինի) միջանցքը, 2) վերադարձնէ հայ ռազմագերիները, 3) արտօնէ ՄԱԿ-ի կրթական, գիտական եւ մշակութային կազմակերպութեան (UNESCO) դիտորդներուն այցելութիւնը Արցախի՝ ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ գտնուող շրջանները, 4) վերադառնայ Արցախեան հակամարտութեան քաղաքական կարգաւորման բանակցութիւններուն, որոնք պէտք է հիմնուած ըլլան ԵԱՀԿ Հելսինկիի եզրափակիչ ակտի երեք սկսզբունքներուն՝ ներառեալ եւ յատկապէս ժողովուրդներու իրաւահաւասարութեան եւ ազատ ինքնորոշման իրաւունքի եւ Մինսկի խումբի համանախագահներուն առաջարկած տարրերուն հիման վրայ։

Պուէնոս Այրեսի մէջ Արթուր Խաչատրեանը նաեւ հանդիպած է Արժանթինի արտաքին գործերու նախարարութեան միջխորհրդարանական կապերու տնօրինութեան դիւանագէտ Նիքոլաս Վարզիլիոյի եւ Արժանթին ազգային հարցերու (շրջաններու հետ յարաբերութիւններու) տնօրինութեան տնօրէն Նիքոլաս Տարիօ Սապունգուեանի հետ:

Ուրուկուէյի մայրաքաղաք Մոնթեւիտէոյի մէջ Արթուր Խաչատրեանը ընդունած է Ուրուկուէյի խորհրդարանի ներկայացուցիչներու պալատի նախագահ Սեպասդիան Անտուխարը։ Առաւել քան մէկ ժամ տեւած հանդիպման ժամանակ ԱԺ պատգամաւորը ներկայացուցած է իրավիճակը Արցախի Հանրապետութեան մէջ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան ու ազրպէյճանի միջեւ սահմաններուն վրայ։ Ան յատկապէս կարեւոր համարած է Արցախեան հակամարտութեան քաղաքական կարգաւորումը՝ շեշտելով, որ տարածաշրջանին մէջ հնարաւոր չէ երկարատեւ խաղաղութիւն հաստատել առանց հակամարտութեան արդարացի կարգաւորման, որ պէտք է յարգէ Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքը։ Կողմերը նաեւ քննարկած են Հայաստանի եւ Ուրուկուէյի յարաբերութիւններու ամրապնդման կարեւորութիւնը։

Ուրուկուէյի խորհրդարանին մէջ հայաստանցի պատգամաւորը հանդիպած է Ուրուկուէյ-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամութեան խումբի պատգամաւորներուն հետ։ Հանդիպման մասնակիցները քննարկած են երկու բարեկամ պետութիւններուն միջեւ յարաբերութիւններու ամրապնդման եւ ընդլայնման անհրաժեշտութիւնը։ Առանձնայատուկ կարեւոր համարուած է Ուրուկուէյի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան բացումը եւ դեսպանի նշանակումը։ Արթուր Խաչատրեան նաեւ ներկայացուցած է Արցախի եւ Հայաստանի սահմաններուն վրայ ստեղծուած իրավիճակը եւ Արցախեան հակամարտութեան կարգաւորման սկզբունքներն ու մօտեցումները։

ՀՀ ԱԺ պատգամաւորը նաեւ այցելած է Ուրուկուէյի Ծերակոյտ, ուր զինք ու պատուիրակութեան միւս անդամները ընդունած է ծերակուտական, զբօսաշրջութեան նախկին նախարար Լիլիան Քէշիշեանը։ Արթուր Խաչատրեանն ու պատուիրակութեան միւս անդամները նաեւ հանդիպում ունեցած են Ուրուկուէյի հանրային առողջապահութեան նախարարի տեղակալ Խոսէ Լուիս Սաթճեանի հետ։

Ուրուկուէյի մէջ հանդիպումներուն շարքը եզրափակուած է Ուրուկուէյի Արցախի ֆորումի (բարեկամներու խումբի) անդամներուն հետ հանդիպումով։ Հանդիպման ժամանակ դարձեալ կարեւոր համարուած է Ուրուկուէյի մէջ դեսպանի նշանակումը։ Արթուր Խաչատրեան ներկայացուցած է Արցախեան հակամարտութեան կարգաւորման ներկայ փուլը եւ կարեւոր համարած է Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի իրացումը։ Արցախի Հանրապետութեան մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան ներկայացուցած է Արցախի մէջ ստեղծուած մարդկայնական ճգնաժամը։

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակ

29.03.2023թ.