Կը Պահանջենք, որ ազրպէյճանն ու թուրքիան Իրենց Ձեռքերը Քաշեն Արցախէն․ Գերմանիոյ Թուրք եւ Քիւրտ Մտաւորականներ
20 տարիէն աւելի Գերմանիոյ Ֆրանկֆորտ քաղաքին մէջ գործող Միութիւն ընդդէմ Ցեղասպանութեան կազմակերպութեան թուրք եւ քիւրտ անդամները Հայոց Ցեղասպանութեան 108-րդ տարելիցին առիթով՝ այս տարուան Ապրիլին պիտի այցելեն Հայաստան եւ Ապրիլ 24-ին իրենց յարգանքի տուրքը պիտի մատուցանեն Մեծ Եղեռնի զոհերուն յիշատակին։ Այս մասին, ըստ Akunq.net-ի, կը հաղորդէ կազմակերպութիւնը՝ իր Facebook-ի էջով։ Աղբիւրին համաձայն՝ կազմակերպութեան պատուիրակութիւնը Հայաստան պիտի գտնուի 2023թ․ Ապրիլ 19-27։
Թեմային վերաբերեալ կազմակերպութեան հրապարակած յայտարարութեան մէջ նաեւ կը նշուի․ «Համավարակին պատճառով վերջին 3 տարին չէինք կրցած մասնակցիլ Երեւանի մէջ կազմակերպուող յիշատակի ձեռնարկներուն։ Մեր աւանդոյթներուն համաձայն՝ այս տարի եւս 2023թ․ Ապրիլ 24-ին ծաղկեպսակ պիտի զետեղենք Երեւանի մէջ գտնուող Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին՝ 1915 թ․ Ցեղասպանութեան զոհերը յիշատակելու համար։
Միաժամանակ, սոյն այցին ընթացքին մեզի համար կարեւոր պիտի ըլլայ նաեւ Արցախի մէջ ապրող հայ ժողովուրդին մեր համերաշխութիւնը արտայայտելու առումով։ Կը դատապարտենք ազրպէյճան պետութեան եւ անոր դաշնակից թուրքիոյ՝ արցախահայութեան ու Հայաստանի հանդէպ յարձակողական պահուածքը եւ կը պահանջենք, որ անոնք անմիջապէս իրենց ձեռքերը քաշեն այդ տարածքներէն։
Միութիւն ընդդէմ Ցեղասպանութեան»
Յիշեցնենք, որ Միութիւն ընդդէմ Ցեղասպանութեան կազմակերպութիւնը ստեղծուած է 1998թ․, Գերմանիոյ Ֆրանկֆորտ քաղաքին մէջ։ Անիկա հիմնած էր 2021-ին իր մահկանացուն կնքած թուրք մտաւորական Ալի Էրթեմը։ Կազմակերպութիւնը առաջին անգամ Հայաստան այցելած էր հիմնադրման տարին՝ 1998-ին։ Միութիւն ընդդէմ Ցեղասպանութեան կազմակերպութիւնը հիմնադրման ամսաթիւէն սկսեալ ամէն տարի, Ապրիլ 24-ին ոեւէ ներկայացուցիչ կ՝ուղարկէ Երեւան՝ միութեան անդամներուն անունով Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին ծաղկեպսակ խոնարհելու համար։ Միութեան անդամները միաժամանակ խորհրդանշական գումար կը հաւաքեն եւ կը նուիրաբերեն Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին՝ Մեծ Եղեռնէն վերապրած հայերուն փոխանցելու կամ այլ ծախսեր հոգալու նպատակով։
Կազմակերպութիւնը նաեւ աշխոյժ գործունէութիւն կը ծաւալէ Ֆրանկֆորտի, Գերմանիոյ այլ քաղաքներու, ինչպէս նաեւ՝ ուրիշ երկիրներու մէջ։ Այսպէս, միութիւնը երբեմն հանդէս կու գայ զանազան ձեռնարկներով, ներառեալ՝ դասախօսութիւն-սեմինարներ, կլոր սեղան-քննարկումներ եւ այլ հետաքրքրական ձեռնարկներ, որոնք բոլորն ալ նուիրուած կ՝ըլլան թուրքիոյ կողմէ իրագործուած ցեղասպանութիւններու հետեւանքներուն վերացման։
Թարգմանեց Մելինէ Անումեանը
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ ԵՌԱԳՈՅՆ-ը
Akunq.net
