Չեմ Գիտեր Ինչ Պիտի Շահինք Ռ․ Վարդանեանը ԱՀ Պետնախարարի Պաշտօնէն Զրկելով, Բայց Որոշ Ժամանակ Ետք Պիտի Համոզուինք Որ Որոշումը Անարդիւնաւէտ Էր. Հասրաթեան
Սենոր Հասրաթեան կը գրէ.
«Չեմ գիտեր ինչ պիտի շահինք Ռուբէն Վարդանեանը ԱՀ պետնախարարի պաշտօնէն ազատելով, բայց որ ժամանակ ետք (ինչպէս միշտ՝ ուշացումով) պիտի համոզուինք այդ որոշման անարդիւնաւէտութեան մէջ, գրեթէ, չեմ կասկածիր…
Ի տարբերութիւն մեր թշնամիին, մենք չկրցանք հասկնալ անոր քայլերուն յաջորդականութիւնն ու նպատակի հեռահարութիւնը….
Ան մէկի համար ռուսական դրածոյ էր, երկրորդի համար անգլիական գործակալ, երրորդի համար ոսկիի հանքի բաժնէտէր, չորրորդի համար, պարզապէս, փողի շտեմարան, հինգերորդի համար Արցախէն մնացած բուռ մը կենսատարածքին մէջ հրաշքով դրախտ ստեղծող եւ այդպէս շարունակ…
Այնինչ, մարդը, առաւել եւս, աշխարհաճանաչ մարդը հասկնալու համար ժամանակ պէտք էր… Բայց մենք ոչ թէ չհասցուցինք հասկնալ զինք, այլ, պարզապէս, չուզեցինք… Փոխարէնը ուրիշները հասկցան եւ մեզ ուղորդեցին ընել այն, ինչը պէտք չէր ընէինք…
ՅԳ.- Ռ. Վարդանեանի շուրջ 100-օրեայ պաշտօնավարման իմաստն ու ձեռքբերումը (գոնէ, մտածող արցախցիի համար), թերեւս, այն է, որ, անկախ ընթացիկ եւ յետագայ դրական ու բացասական զարգացումներէն, ան այյեւս դարձած է ՄԵԶՄԷ ՄԷԿԸ…»:
