Պըրպէնքի Հայ Դատի Յանձնախումբը Կ՝ողջունէ Քաղ. Խորհուրդը՝ Արցախի Շրջափակումն ու Հակահայ Թռուցիկները Դատապարտող Բանաձեւի Ընդունման Համար
Փետրուարի 19, 2023 – Պըրպէնք -Քալիֆորնիա
Պըրպէնքի Հայ Դատի Յանձնախումբը կ՝ողջունէ Պըրպէնքի քաղաքային խորհուրդը Արցախի շրջափակումն ու ամերիկահայ համայնքի հանդէպ ատելութիւն տարածող թռուցիկները դատապարտող բանաձեւի ընդունման համար:
Երեքշաբթի՝ Փետրուար 14-ին, Պըրպէնքի քաղաքային խորհուրդի նիստին ներկայ գտնուեցան Պըրպէնքի Հայ Դատի Յանձնախումբի ատենապետ Սարգիս Սիմոնեանն ու Պըրպէնքի Աղբալեան Կոմիտէի ատենապետ Անդրանիկ Չարշաֆճեանը եւ իրենց ելոյթներով բարձր գնահատեցին քաղաքային խորհուրդը՝ Արցախի շրջափակումը եւ Պեւըրլի Հիլզի մէջ տարածուած ատելութեան թռուցիկը դատապարտող բանաձեւի ընդունման համար։ Բանաձեւը մշակուած է իբրեւ Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Պըրպէնքի մասնաճիւղի եւ Պըրպէնքի Հայկական Ընկերակցութեան կողմէ տրամադրուած նախագիծերու համադրութիւն եւ կը ներառէ հետեւեալ կէտէրը (բանաձեւի բնագրի ամբողջական նիւթը կցուած է).


Առաջին՝ 2022 թուականի Դեկտեմբեր 12-էն ի վեր ազրպէյճանի կողմէ ապօրինի շրջափակուած է Լաչին/Բերձոր միջանցքի Արցախի միակ փրկարար օղակը դէպի Հայաստան եւ աշխարհ։ ազրպէյճանը շարունակաբար կ՝ոտնահարէ մարդու իրաւունքները, ինչպէս՝ ձմեռնային դաժան ջերմաստիճանի պայմաններուն օրերով Արցախի բնակչութեան ջեռուցման համար օգտագործուող կազի անջատումը:
1. Քաղաքային խորհուրդը կը դատապարտէ ազրպէյճանի կողմէ Լաչին/Բերձոր միջանցքի ապօրինի շրջափակումը եւ կը պահանջէ անյապաղ վերացնել շրջափակումը եւ կը զօրակցի Պըրպէնքի հայկական ժառանգութեամբ հազարաւոր բնակիչներու, որոնց ընտանիքները, ընկերներն ու սիրելիները Արցախի մէջ կրնան ազդուիլ բռնութեան հետեւանքով:
2. Քաղաքային խորհուրդը կը դատապարտէ օրէնքի գերակայութեան, ժողովրդավարութեան եւ մարդու իրաւունքներու հանդէպ ազրպէյճանի արհամարհանքը:
3. Քաղաքային խորհուրդը կոչ կ՝ընէ Միացեալ Նահանգներու Պետական բաժանմունքին դադրեցնելու ռազմական օգնութիւնը ազրպէյճանին:
Երկրորդ՝ 2023 թուականի Յունուար 28-ին տեղի ունեցած միջադէպին վերաբերեալ, երբ Պեւըրլի Հիլզի համայնքի անդամները հակահայկական թռուցիկներ գտան՝ փակցուած քաղաքին մէջ եւ շրջակայքը՝ Հայ Երիտասարդական Դաշնակցութեան կազմակերպած երթէն առաջ՝ որ կը կատարուէր իբրեւ բողոք ազրպէյճանի կողմէ Արցախի շրջափակման: Թռուցիկներով կը տարածէին «ջնջել հայերը աշխարհէն» արտայայտութիւններ:
1. Քաղաքային խորհուրդը երախտագիտութիւն կը յայտնէ Միացեալ Նահանգներու հայկական ժառանգութեան միլիոնաւոր բնակիչներուն, որոնք նշանակալի դեր խաղցած են մեր թաղամասերու զարգացման եւ ժամանակակից հասարակութեան բարելաւման գործին մէջ:
2. Քաղաքային խորհուրդը կը նշէ իր համայնքի հարուստ բազմազանութիւնը եւ ճանաչում հայկական ժառանգութեան հազարաւոր գործընկերներուն, աշխատակիցներուն, հարեւաններուն եւ ընտանիքներուն:
3. Քաղաքային խորհուրդը կը զօրակցի իր ամերիկահայ համայնքին ու անոնց ընտանիքներու եւ հարազատներու հետ Հայաստանի ու Արցախի մէջ:
###
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի Պըրպէնքի մասնաճիւղը կը պաշտպանէ շրջանի հայ համայնքի ընկերային, տնտեսական, մշակութային եւ քաղաքական իրաւունքները եւ կը նպաստէ անոր քաղաքացիական մասնակցութեան բարձրացման քաղաքացիական եւ հանրային քաղաքականութեան մակարդակներու վրայ:
