Լիայոյս Ենք, Որ Փետրուարեան Զարթօնքը Նոր Լիցք Կը Դառնայ Համազգային Իղձերու Իրականացման Ճանապարհին․ԱՀ Ազգային Ժողով

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

35 տարի առաջ՝ 1988 թուականի Փետրուար 20-ին, ԼՂԻՄ բարձրագոյն ներկայացուցչական մարմինը, ժողովրդական պատգամաւորներու 20-րդ գումարման մարզային խորհուրդի արտահերթ նստաշրջանին արտայայտելով ինքնավար երկրամասի ժողովուրդի բացարձակ մեծամասնութեան կամքն ու ցանկութիւնը, պատմական որոշում կայացուց ԼՂԻՄ-ը ազրպէյճանի ԽՍՀ կազմէն դուրս գալու եւ Հայաստանի ԽՍՀ-ին վերամիաւորուելու մասին: Այդ որոշումը կը համապատասխանէր ԽՍՀՄ գործող սահմանադրութեան եւ միջազգային իրաւունքի սկզբունքներուն: Փետրուար 20-ի որոշումը պայմաններ ստեղծեց Լեռնային Ղարաբաղի (Արցախի) Հանրապետութեան կազմաւորման եւ անոր միջազգային ճանաչման գործընթացը տանելու համաշխարհային հանրութեան կողմէ դաւանուող իրաւական չափանիշներով:

1988 թուականի իրադարձութիւնները զօրաշարժի ենթարկեցին համայն հայութիւնը: Սեփական հայրենիքի մէջ արժանապատիւ ու ազատ ապրելու եւ ազգային պետականութիւն ունենալու շարժումը համահայկական բնոյթ ստացաւ: Արցախը դարձաւ համազգային զարթօնքի խորհրդանիշ, իսկ ազգային-ազատագրական պայքարին իբրեւ արդիւնք՝ հայ ժողովուրդը վաստակեց անկախ պետականութիւն ունենալու իրաւունքը:

1988 թուականի Փետրուար 20-ի անկիւնաքարային նշանակութեան որոշման յաջորդեց 1991 թուականի Սեպտեմբեր 2-ի ԼՂԻՄ մարզային եւ Շահումեանի շրջանային խորհուրդներու համատեղ ընդունած հռչակագիրը, որ նոյն թուականի Դեկտեմբեր 10-ի համաժողովրդական հանրաքուէին միջոցով, միջազգային իրաւունքի չափանիշներուն համապատասխան, ամբողջացուց Լեռնային Ղարաբաղի (Արցախի) Հանրապետութեան կազմաւորման գործընթացը:

35 տարիներու ընթացքին համահայկական տիրոյթէն ներս իրագործուած ազգային իւրաքանչիւր ծրագրի գաղափարական հենքը 1988-ի իրադարձութիւններն էին:

Երեք ու կէս տասնամեակներու ընթացքին մենք անցած ենք բազմաթիւ փորձութիւններու մէջէն: Այսօր ալ ազրպէյճանը շրջափակման միջոցով կը փորձէ կոտրել արցախահայութեան կամքը:

ՊԱՅՔԱՐԸ պէտք է դառնայ մեր կեանքի բոլոր ասպարէզներուն կարգախօսը:

Արտայայտելով Արցախի ժողովուրդին կամքն ու ցանկութիւնները՝ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը՝

կոչ կ՝ընէ միջազգային կառոյցներուն եւ ՄԱԿ-ի անդամ, մասնաւորապէս Մինսկի խումբի համանախագահ երկիրներուն՝ յայտարարութիւններէն եւ յորդորներէն զատ, գործնական քայլերով՝ քաղաքական, տնտեսական, ռազմական գործիքակազմերով, կանխելու ազրպէյճանի ցեղական զտումներն ու ցեղասպան քաղաքականութիւնը:

կը դիմէ Սփիւռքի եւ ՀՀ մեր հայրենակիցներուն՝ հայ ժողովուրդի արժանապատւութիւնը եւ լինելիութիւնը պաշտպանելու նպատակով համախմբելու հայութեան ներուժը եւ համապատասխան քայլեր ձեռնարկելու՝ սանձելու ազրպէյճանի ծաւալապաշտական գործողութիւնները:

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը՝ իբրեւ ժողովուրդի ձայնը ներկայացնող հաւաքական մարմին, հաւատարիմ է մարդու հիմնարար իրաւունքներուն եւ, առաջնորդուելով ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան արժէքներով ու սկզբունքներով, վճռական տրամադրուած է՝ իրացնելու իր պատմական հայրենիքին մէջ ազատ ու անկախ ապրելու համաժողովրդական կամքը: Մեր խոնարհումը բերելով բոլոր ժամանակներուն յանուն ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ իրենց կեանքը նուիրաբերած հազարաւոր նահատակներու յիշատակին, պատրաստակամ ենք շարունակելու անոնց սուրբ գործը՝ յաղթական հանգրուանի հասնելու համար:

Համայն հայութիւը եւ Արցախի բարեկամները շնորհաւորելով յիշարժան տօնին առիթով՝ լիայոյս ենք, որ փետրուարեան զարթօնքը նոր լիցք կը դառնայ համազգային իղձերու իրականացման ճանապարհին:

Ստեփանակերտ

20.02.2023թ.